Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան            

2022-03-14
Image

Նկատի առնելով վերջին օրերուն կարգ մը կատարուած յայտարարութիւնները Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Խորհրդարանի ընտրութիւններուն վերաբերեալ, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ հետեւեալը.

1.Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը միշտ եղած է երկխօսութեան ջատագով եւ միշտ յարգած է ոեւէ հայորդիի կարծիք ու միշտ փորձած է հասնիլ միջին լուծումներու, միակ նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդին գերագոյն շահը:

2.Անհատ կամ կազմակերպութիւն վարկաբեկելու կամ մարդոց ածական տալու սովորութիւնը խորթ է ռամկավար գաղափարախօսութեան հաւատացող ամէն անհատի համար: Այս սովորութեան տարածումը մեզ կը տանի վտանգաւոր մակարդակի, որ հեռու է ամէն ռամկավար ազատականի գաղափարախօսութենէն:

3.Ընտրական տրամաբանական ծրագիրը ու այդ ծրագիրը գործադրելու կարողութիւնը այն երկու գործօններն են, որոնք կը յաջողցնեն կամ կը ձախողցնեն թեկնածու մը: Կաշառքի մուտքը մեր ընկերութեան մէջ, մանաւանդ 1990-ական թուականներէն սկսեալ կործանեց իսկական ընտրութիւնը եւ զայն վերածեց մարդ գնելու հոլովոյթի, փոխանակ իսկական քուէ ստանալու, ըստ իր կատարելիք կամ կատարած գործին եւ ունեցած արդիւնքին: Արդիւնքը մենք տեսանք 2019 թուականին, երբ Լիբանանի տնտեսութիւնը փլուզում արձանագրեց այդ գնուած քուէներուն պատճառով, որովհետեւ չկար իսկական հաշուետուութիւն իրերայաջորդ կառավարութիւններու կողմէ:

4.Երեսփոխանը ի վերջոյ Լիբանանի երեսփոխան է եւ ան կրնայ նաեւ ընտրուիլ ոչ-հայ քուէով, ան ըլլալով հայ ազգի զաւակ, ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնէ պաշտպանելու համար հայ համայնքին իրաւունքները այս համայնքային դրութեամբ գործող երկրին մէջ: Հայերէն գիտնալը նաեւ անհրաժեշտ է ամէն հայ թեկնածուի համար, կարենալ մօտէն շփուելու համար մեր ազգի զաւակներուն հետ:

5.Հայ ըլլալը ազգային պատկանելիութեան զգացում է: Լոզունգ չէ: Հայ ազգի մշակութային  ժառանգին հաւատացողն է հայը: Հայութեան դատին հաւատացողն է հայը: Ոեւէ հայ անձ չի կրնար պիտակաւորել դիմացինը «հայ» թէ «ոչ հայ»:

6.Հայկական քաղաքական կազմակերպութիւնները մեծ գործ կատարած են Հայոց ցեղասպանութենէն ետք համայնքը ծաղկեցնելու համար: Անոնք են որ հիմնած են դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, մամուլ, մշակութային եւ մարզական միութիւններ: Այս դերը ոչ ոք կրնայ ուրանալ:

7.Հաշուետուութիւնը պէտք է կորիզը կազմէ մեր քաղաքական աշխատանքին: Այն կազմակերպութեան կամ միութեան մէջ, ուր չկայ հաշուետուութիւն, այդ կազմակերպութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի բռնէ փլուզումի ճամբան: Մարդիկ, կուսակիցներ եւ համակիրներ պիտի սկսին հեռանալ այդ կառոյցէն եւ իրենց քուէն պիտի տան դրական ուժերու, որոնք պիտի փորձեն գրաւել այդ կազմակերպութիւններուն տեղը: Վերջին տարիներուն դժբախտաբար մենք ականատես կը դառնանք այս երեւոյթին Լիբանանի հայ համայնքին մէջ:  

8.Շինիչ քննադատութիւնը եւ տարբերակներու ներկայացումը պէտք է ըլլան միակ ոճը իրարու հետ խօսելու: Ձայն բարձրացնելով եւ օրէնքէն վեր դասուելու փորձով մենք չենք կրնար հաստատել կայուն երկխօսութիւն ու հասնիլ համայնքին հարցերը լուծելու:

9.Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պարագային ներկայիս կ'օգտագործուի «հերձուած» բառը: Այս բառը կը նշանակէ օրէնքէն դուրս կամ օրէնք չյարգող: Երբ խումբ մը կւսակցականներ իրենց անձնական շահերէն մեկնելով չեն ընդունիր օրինաւոր եւ մեծամասնութեան քուէով ընտրուած, ծառայասէր եւ մտաւորական ընկերներէ բաղկացած Կեդրոնական վարչութեան օրինականութիւնը, հարցում մը կը հարցնենք, թէ ո՞վ է հերձուածը, օրինականութեան հետեւողները եւ ընդհանուրի շահին մասին մտածողները, թէ իրենց անձնական շահերը պաշտպանողները: Մեր կուսակցութեան մէջ փոփոխութեան մէկ ձեւ կայ: Մարդիկ համոզել ձեր ծրագիրով որ ձեզ ընտրեն: Եթէ ընտրուիք, պիտի ըլլաք հաշուետու ձեզ ընտրողին: Հակառակ պարագային պիտի ընդունիք մեծամասնութեան քուէով ընտրուած ղեկավարը ու չփորձէք ձեր անձնական հաշիւներէն մեկնելով պառակտում յառաջացնել կուսակցութեան մէջ:

10.Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գումարէ ժողովներ լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութիւններու եւ թեկնածուներու հետ: Նպատակը Խորհրդարանի ընտրութեան թեկնածուներու ծրագիրներու ծանօթացումն է ու դրական որոշում կայացնելը, որպէսզի Խորհրդարան հասնին նուիրեալ եւ ազնիւ լիբանանցի հայորդիներ ու քաղաքացիներ: Վարչութիւնը մօտ օրէն պիտի յայտարարէ իր նախընտրած թեկնածուին անունը:

11.Ընտրութեան արդիւնքները ըլլան մեր համայնքի եւ Լիբանանի օգտին եւ ոչ թէ հատուածի մը կամ անձի մը օգտին: Այս պէտք է ըլլայ մեր գերագոյն նպատակը:

 

Պէյրութ, 13 Մարտ 2022