կը խնդրենք ձեզմէ գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը պատերազմի դադրեցման եւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման ուղղութեամբ. ․ ԱՀ նախագահը՝ Փութինին

2020-10-23
Image

ԱՀ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան բաց նամակ յղած է  ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինին.-

«Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ

պարոն Վլատիմիր Փութինին

Մեծարգոյ Վլատիմիր Վլատիմիրի

Արցախ-Ռուսաստան առնչութիւնները դարերու պատմութիւն ունին: Ռուսաստանը արցախցիներու պատմական յիշողութեան մէջ կ'ընկալուի, որպէս եղբայրական երկիր, որ միշտ, բոլոր դժուար իրավիճակներուն ձեռք մեկնած է հայութեան այս հատուածին:

Արցախ-Ռուսաստան առնչութիւնները ամենաուղիղ կերպով իրականացուած են յատկապէս Արցախի մելիքութիւններու եւ մելիքական տուներու ծաղկուն շրջանին, որու մասին փաստական վկայութիւնները բազմաթիւ են:

Մէկ հարիւրամեակէն աւելի, /19-րդ դարու եւ 20-րդ դարու 10-ական թուականներուն/ Ղարաբաղը գտնուած է ցարական Ռուսաստանի կազմէն ներս: Այդ պատմական ժամանակաշրջանը Ղարաբաղի համար նշանաւորուած է երկարատեւ խաղաղութեամբ, հայրենադարձութեամբ եւ տնտեսական զարգացմամբ: Զարգացած է նաեւ մշակութային կեանքը: Յատկանշական է, որ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն Արցախի վարչաքաղաքական կեդրոն Շուշին դարձած էր Անդրկովկասի հոգեւոր, մշակութային եւ տնտեսական կարեւոր կեդրոններէն մէկը:

Նոյն պատմաշրջանին Ռուսական կայսրութեան ռազմաքաղաքական եւ հասարակական կեանքի առաջնային դերակատարութիւնը ունեցած է արցախահայութեան ողջ համաստեղութիւն մը՝ Վալերիան Մատաթով, Յովհաննէս Լազարեւ, Լազար Սերեպրեակով, Միքայէլ Լոռիս-Մելիքով, Վասիլի Պեհպութով եւ ուրիշներ:

Այդ առնչութիւնները շարունակուած են նաեւ խորհրդային շրջանին: Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզէն եւ պատմական Արցախէն Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է շուրջ 90 հազար հայորդի, որոնց կէսը իրենց կեանքը նուիրաբերած են հայրենիքի պաշտպանութեան գործին։ Մէկ շունչի հաշուով Խորհրդային Միութեան հերոսներու եւ մարտական «Փառքի շքանշանի» ասպետներու քանակով, Արցախը ԽՍՀՄ-ի մէջ կը զբաղեցնէր առաջատար տեղերէն մէկը:

ԽՍՀՄ հայազգի հինգ մարշալները արմատներով Արցախէն էին՝ Յովհաննէս Բաղրամեանը, Իվան Իսակովը, Համազասպ Պապաճանեանը, Արմենակ Խանփերեանցը (Սերկէյ Խուտեակով), Սերկէյ Ականովը։ Իրենց զօրավարական տաղանդով փայլած են 30-էն աւելի զօրավարներ ու հազարաւոր սպաներ։

Արմատներով Արցախէն էին Անասթաս եւ Արտեոմ Միկոյեանները, Իվան Թեւոսեանը, Անդրանիկ Իոսիֆեանը, Նիքոլայ Ենիքոլոփովը, Միքայէլ Թարիվերտիեւը եւ բազմաթիւ այլ երախտաւորներ:

Արցախ-Ռուսաստան սերտ առնչութիւնները կը շարունակուին ցայսօր: Ռուսաստանաբնակ մօտ 3 միլիոն հայերու մէկ պատկառելի մասը Արցախէն է, որոնց կարգին շատ են նաեւ 1980-ական թուականներու վերջին եւ 1990-ական թուականներու ատրպէյճանական ցեղասպան եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան հետեւանքով Արցախէն բռնի տեղահանուածները:

Կը ցանկայի յատուկ շեշտել, որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն ՌԴ իրացուցած է միջազգային իրաւունքով սահմանուած ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքի օգտին ունեցած գործելակերպը: Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ՌԴ հանդէս կու գայ թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով եւ թէ՛ առանձին դերակատարութեամբ: Արցախի Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերը, աշխոյժ դերակատարութիւնը եւ որոշիչ առաքելութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն՝ յատկապէս, 1994-ի հրադադարի Եռակողմ համաձայնագրի ձեռքբերման գործով: ՌԴ որոշիչ դերակատարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան սրման հերթական փուլին՝ 2016-ի 5 ապրիլին՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ հրադադարը վերականգնելու մասին՝ համաձայն 1994-ի հրադադարի հաստատման համաձայնագրին:

Բարձր կը գնահատենք ՌԴ եւ անձամբ ձեր դիւանագիտական գործուն ջանքերը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակման եւ լայնածաւալ պատերազմը կանգնեցնելուն: Կ'ուզեմ նաեւ ձեզի տեղեկացնել, որ Արցախի Հանրապետութեան եւ ողջ հայութեան մէջ մեծ արձագանգ ստացած են «Վալտայ» ակումբի ձեր ելոյթի ընթացքին հնչած առարկայական գնահատականները ստեղծուած իրավիճակի մասին:

Դուք նշած էք ձեր ելոյթին. «Այս հակամարտութիւնը սկսաւ ոչ թէ որպէս միջպետական հակամարտութիւն եւ տարածքներու համար պայքար, ան սկսաւ ցեղային դիմակայութենէն: Ցաւօք, այս փաստ է. Սումկայիթի, ապա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդի դէմ դաժան յանցագործութիւններ իրագործուած էին: Եւ այս ամէնը մենք պէտք է հանրագումարին հաշուի առնենք»: Դժբախտաբար, այս ցեղասպան քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանը կը շարունակէ առ այսօր:

Մեծարգո՛յ Վլատիմիր Վլատիմիրի

Դուք այն անհատականութիւնը եւ պետութեան ղեկավարն էք, որ ունի հսկայական հեղինակութիւն աշխարհի եւ մեր տարածաշրջանի մէջ: Հաշուի առնելով այդ ամէնը, կը խնդրենք ձեզմէ գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ պատերազմի դադրեցման եւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման ուղղութեամբ:

Խորին յարգանքով՝

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան»։