ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Երուանդ Մեսիայեան

2021-03-19
Image

Երուանդ Մեսիայեան
( 1882՝Սեբաստիա-  1956՝Նիւ Եորք)

   Երախտաւորը ծնած է Սեբաստիա 1882ին, նախնական կրթութեան համար ան կը յաճախէ Պարտիզակի նախակրթարանը։ 

   Ծնողները պատանին կ՝ուղարկեն Խարբերդ, ուր կը յաճախէ Եփրատ Գոլէճը ծանօթանալով անգլերէն լեզուին։  

   Երուանդ արդէն պատանի տարիքին հետաքրքրութիւն ցոյց կուտայ գեղարուեստական գրականութեան հանդէպ։  

   Դարեվերջէն առաջ կ՝անցնի Կ․ Պոլիս, յաճախելու Ռապըրթ Գոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՝ըլլայ 1901-ին։  Ուսումնական տարիներուն իր ստորագրած յօդուածներով,  Պոլսոյ ատենոյ մտաւորականութեան գնահատանքին կ՝արժանանայ։ 

   Շուրջ երկու տարի Պոլսոյ մէջ կը դառնայ մնայուն աշխատակիցը յայտնի թերթերու՝ «Մասիս», «Բիւրակն» եւ «Բիւզանդիոն», իսկ հեռակայ կարգով կ՝աշխատակցի Պոսթոն հրատարակուող «Ձայն Հայրենեաց»ին որ ատենոյ Վերակազմեալներու պաշտօնաթերթն էր, ու յաճախակի կապ կը հաստատէ իր գաղափարի ընկերոջ՝ Սուրէն Պարթեւեանի հետ, որուն ծանօթացած էր Պոլսոյ մէջ։ 

   Մեսիայեանի  գրական հետաքրքրութիւնը, կ՝առաջնորդէ զինք մեկնելու Փարիզ՝ 1903-ին, ուր յատուկէն աշխատանք կ՝որոնէ թարգմանութիւններ կատարելով Ֆրանսական գրական գործերէ, ու զանոնք հրամցնելով արեւմտահայ մամուլին, նաեւ հրատարակելով իր առաջին վիպակը՝ «Սմսարը» խորագրով։ 

   1909-ին կը վերադառնայ Կ․ Պոլիս ու կը դասախօսէ իր աւարտած Ռապըրթ Գոլէճէն ներս՝ դառնալով Ֆրանսական գրականութեան դասախօս։  

   1910-ին լոյս կը տեսնէ Պոլսահայ կեանքին նուիրուած իր վէպը՝ «Վառվառէ» խորագրով։ 

   1914ի սկզբնաւորութեան իր ընտանիքով կուգայ հաստատուելու Միացեալ Նահանգներու Պոսթոն քաղաքը, ուր պաշտօնապէս կ՝ստանձնէ Ազատականներու «Պահակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը։

   Կարճ ժամանակի ըմթացքին Մեսիայեան արդէն դարձած էր յայտնի Կուսակցական գործիչ, գործակից ունենալով Տոքթ․ Արշակ Տէր Մարկոսեանը։ 

   Որպէս խմբագիր Մեսիայեան Մամուլի միջոցաւ Ամերիկահայութեան մօտ Ֆրանսական գրականութեան եւ մշակոյթի հանդէպ ճաշակ  ու մանաւանդ հետաքրքրութիւն կը մտցնէ, իր գրական գործերուն միջոցաւ։ 

   1917-ին երբ կը կազմուի Միացեալ Նահանգներու Հայ Ազգային Միութիւնը նախագահութեամբ Միհրան Սվազլեանի, ու Միհրան Տամատեանի Պոսթոն ժամանելէն ետք, մեծ եղաւ Մեսիայեանի կազմակերպչական ներդրումը, մանաւանդ Հայ Ազգային Միութեան նախաձեռնած Ամերիկահայ Լեգէոնի կազմութեան աշխատանքներուն։ 

   Սվազլեանն ու Տամատեանը որպէս Վերակազմեալներ, Պոլսէն արդէն ծանօթ էին Մեսիայեանի գործունէութեան։

   Ամերիկահայ Լեգէոնը երբ կազմուեցաւ հարիւրապետ Ճիմ (Պետրոս)  Չանգալեանի ղեկավարութեան տակ, Մեսիայեան կազմակերպչական իր մասնակցութեամբ որոնեց Ամերիկահայ կամաւորները, Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն։ 

   Սվազլեանի առաջարկով Մեսիայեանի վստահուեցաւ Հայ Ազգային Միութեան Քարտուղարի պաշտօնը, խմբագրական իր կլանուած պաշտօնի կողքին։

   Ամերիկայի Հայ Ազգային Միութիւնը հինգ տարուայ ընթացքին, շուրջ Մէկ Միլիոն Տոլարի հանգանակութիւն կատարեց, հասնելու Մեծ Եղեռնի աղէտէն ետք կարօտեալներու, ազատագրութեան, վերաշինութեան, ինչպէս նաեւ որոշ գումար մըն ալ տրամադրեց գրասենեկային ծախսերու։  

   1921 Հոկտեմբերին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմութենէն ետք՝ Ռամկավար եւ Ազատական  հոսանքներու միաձուլումով, «Պահակ»ը միանալով «Ազգ»ին, կը դառնայ «Ազգ- Պահակ» Պաշտօնաթերթը  ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Շրջանակին, որ 1922ին պիտի անուանուէր «ՊԱՅՔԱՐ»,  եւ Ա․ Նազարը կը դառնայ պաշտօնաթերթի պատասխանատու խմբագիրը։ 

   Երուանդ Մեսիայեանի կը վստահուի կազմակերպել Կուսակցական շրջանակը, դառնալով գործիչը ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Շրջանակին։ 

   Երախտաւորը իր խմբագրական աշխատանքին կողքին նաեւ ժամանակ տրամադրեց թարգմանելու Անաթոլ Ֆրանսի Վէպերը, իսկ 1922-ի աւարտէն առաջ Պոսթոնի մէջ լոյս կը տեսնէ «Անաթոլ Ֆրանս, Մարդն ու գործը» իր ընդարձակ ուսումնասիրութիւնը։ 

   Այս Շրջանին ՌԱԿ-ի Ամերիկայի շրջանակը Կազմակերպչական նոր հանգրուանի առջեւ կը գտնուէր, Մեսիայեանի, Հրաչ Երուանդի Եւ Տոքթ․ Արշակ Տէր Մարկոսեանի ջանքերուն շնորհիւ։ 

    Հասարարական պաշտօնին բերմամբ Մեսիայեան յաճախ կը ճամբորդէր Միացեալ Նահանգներու զանազան նորահաստատ հայկական գաղութներ, կազմակերպչական աշխատանք կատարելու, ու այս շրջանին իր գրական երկրորդ հատորը լոյս կը տեսնէ 1929-ին՝ «Գրական  Դպրոցները Ֆրանսայի Մէջ» աշխատասիրութիւնը։ 

   Երախտաւորը իր անվերապահ մասնակցութիւնը բերած է Ամեիկայի մէջ ազգային մեծ ծրագիրներու, վարելով անհրաժեշտ հանգանակութիւններ, որոնց յատկանշականը դարձաւ Ալեքսանտրէթի Հայկական համայնքին օգնութիւնը, այս ժամանակաշրջանին ծովափնեայ Ալեքսանտրէթի մէջ գոյութիւն ունէր կազմաւորուած հայկական գաղութ մը, ուր Բարեգործականի Նուպարեան Վարժարանը կը ծառայէր համայքին։

    Մեսիայեանի գրական աշխատասիրութիւնները յաճախ լոյս կը տեսնէն «ՊԱՅՔԱՐ» գրական եռամսեային  մէջ, որոնց շարքին յատկանշական եղաւ«Դրօշին Տակ» դիմաստուերները, ինչպէս նաեւ «Սէրէն ալ Զօրաւոր» թատրերգութիւնը։ 

   1936-ին Ա․ Նազարի խմբագրի պաշտօնէն հեռանալէն ետք, Մեսիայեան կը հրաւիրուի դարձեալ որպէս խմբագիր, այս անգամ «ՊԱՅՔԱՐ» օրաթերթին համար։

    Իր խմբագրի պաշտօնավարութեան շրջանին պաշտօնաթերթի Տարեգիրքն ու եռամսեան լայն ժողովրդականութիւն վայելեց ամերիկահայութեան մօտ։   

   1943-ին խմբագրի պաշտօնէն կը հեռանայ, ստանձնելու Ամերիկահայութեան համար այլ հասարակական պաշտօն մը։ 

   Բարեգործականը որպէս կառոյց կ՝ունենայ իր շրջանային գրասենեակը Նիւ Եորքի մէջ, ու կը դառնայ Ամերիկայի ՀԲԸՄիութիւն, որուն առաջին նախագահի պաշտօնը կ՝ստանձնէ Մեսիայեանի վաղեմի բարեկամը ու գաղափարի ընկերը՝ Հարիւրապետ Ճիմ Չանգալեանը, իսկ Մեսիայեան կը դառնայ Ամերիկայի շրջանակի Վարիչ Տնօրէնը։ 

   Իրմէ ետք «ՊԱՅՔԱՐ» օրաթերթի խմբագրի պաշտօնը կ՝ստանձնէ Հրաչ Երուանդը։  Մեսիայեան իր գրական մասնակցութիւնը կը բերէ օրաթերթի Եռամսեային։ 

   Որպէս վարիչ տնօրէն իրեն կը վստահուի Մէկ Միլիոն Տոլարի հանգանակութեան արշաւը Հայրենադարձութեան ծրագրին համար, որ կարճ ժամանկի ընթացքին պիտի իրականանար։ 

   Բարեգործականէն ներս իրեն նաեւ կը վստահուի խմբագրի պաշտօնը, խմբագրելու Միութեան Պաշտօնաթերթ «ՅՈՒՇԱՐԱՐ»ը։  

   1952-ին առողջական պատճառներով կը հեռանայ իր պաշտօնէն ու հանգստեան կը կոչուի, բայց պարբերաբար իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ամերիկահայ մամուլին։   

    Գնահատելով իր երկար տարիներու անվերապահ ծառայութիւնը հասարակական, գրական ու միութենական ծրագիրներու, Բարեգործականի կողմէ կը հռչակուի Միութեան Պատուոյ Անդամ։ 

   Առողջական վիճակը Երախտաւորին հետզհետէ կը վատթառանայ, ու 1956-ին աչքերը յաւիտեան կը փակէ Նիւ Եորքի մէջ։ 

   Անտարակոյս Մեսիայեան իր յատուկ տեղը ունեցաւ Ամերիկահայ Մամուլի Երախտաւորներու հոյլին մէջ։

 

Արա Ահարոնեան