Ազգային թաղում ՌԱԿ երախտաւոր՝ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեանի

2020-11-03
Image

2 Նոյեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, ժամը 2:30-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային թաղումը՝ ՌԱԿ կուսակցական գործիչ, Կեդրոնական Վարչութեան Պատուոյ անդամ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեանին:

5

 

Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

5

Ան սեղմ տողերու մէջ անդրադարձաւ հանգուցեալի հարուստ կենսագրութեան, մատնանշելով անոր կեանքի եւ գործունէութեան օրինակելի հանգրուանները եւ նկարագրի ուսանելի արժանիքները: Ապա, այս առիթով կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի յղած խօսքը, որ տարիներ առաջ հանգուցեալ ընկերոջ պարգեւատրած էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի բարձր շքանշանով, գնահատելով անոր կատարած ազգային, հանրային նուիրական գործունէութիւնը:

Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ նուիրեալ ընկերոջ թաղման կարգը: Գերեզմանատան մէջ, յանուն ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ անդամութեան, դամբանական արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՌԱԿ Լիբանանի Շարջանային Վարչութեան ատենապեր Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան:

5

Ան իր խօսքին մէջ  բնորոշելով ընկ. Պապահէքեանը որպէս մարդ, յատկապէս՝ հայ մարդ, մատնանշեց անոր բծախնդիր, առաքինի, սկզբունքային կերպարը.- «Ընկ. Պապահէքեան ունէր դաւանանք, խոր համոզում ու հաւատք՝ իր ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ: Ան ողջ կեանքին ընթացքին եղաւ համերաշխութեան ու օրինաւորութեան ռահվիրայ, ընկերային համեստ դիրքերէն հասնելով կուսակցական շատ բարձր տիտղոսներու, մինչեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, զորս վարեց ամենայն գիտակցութեամբ, լրջութեամբ, պարտաճանաչութեամբ ու պատիւով, լաւագոյնս ծառայելով՝ անմնացորդ սիրով»,-ըսաւ ընկ. Տագէսեան:

5

Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ անոր ազգային, կուսակցական գործունէութիւնը, նշելով, որ «Կ. Պապահէքեան գտնուելով Թէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ թէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի պատասխանատու դիրքերուն վրան, աշխատեցաւ միշտ բարձր պահել Միութեան ու Կուսակցութեան անունը եւ ծառայեց ազգային կառոյցներուն, սրտին ու հոգիին հետ լայն բանալով իր քսակը՝ Թէքէեան Վարժարանէն մինչեւ Էջմիածին... ապա մինչեւ Արցախ.. շահելով բարերարի անուն եւ արժանաւորապէս պարգեւատրուելով Հայրենիքէն ու  Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառէն»:

Դամբանական խօսք արտասանեցին նաեւ՝ յանուն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան՝ Ընկ. Պարոյր Աշպաշեան, Յանուն ՀԲԸՄի  ընտանիքին՝ Ընկ. Համբիկ Մարտիրոսեան եւ յանուն Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան՝ ընկ. Անդրանիկ Տագէսեան:

5

Ընկ. Աղպաշեան վեր հանեց ընկ. Պապահէքեանի հանդարտաբարոյ, ինքնազուսպ, լրջախոհ ազգային կերպարը, որ հեռու էր ամէն տեսակի ցուցամոլութենէ, եւ որ կ'առաջնորդուէր այն համոզմամբ, որ՝ հայրենական, քաղաքական եւ ազգային սկզբունքներուն ծառայելը  պարտք է եւ անոնց մասին  յայտարարելու կարիք չկայ: Ընկ. Աղպաշեան նաեւ նշեց, որ  երախտաւոր հանգուցեալը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին հաւատարիմ մնաց իր հայրենիքին, ժողովուրդին, եկեղեցիին եւ իր քաղաքական դպրոցներուն: «Իր գաղափարը երբեք չփոխեց, ընդհակառակը, կառչած մնաց իր գաղափարական ուղղութեան, նոյնիսկ երբ ալեկոծումներ կ'ըլլային, ինք կը մնար անշեղ, որովհետեւ կը հաւատար, որ այդ սկզբունքով եւ այդ նպատակներով է, որ պէտք է շարունակուի ազգային գործը, որուն համար կոչ կ'ընէր բոլորին կեդրոնանալու եւ վերամիանալու»:

5

Ընկ. Աղպաշեան վկայեց, որ Ընկ. Պապահէքեանի համար ՌԱԿ-ը, ԹՄՄ-ը, ՀԲԸՄ-ը բոլորն ալ հաւասար սիրելի, յարգելի էին, այդ պատճառով ալ ինք ամբողջական նուիրումով ծառայած էր այդ կազմակերպութիւններուն եւ եղած է յարգելի եզակիներէն, որ կրցաւ իր հեղինակութեամբ, իր անհատականութեամբ եւ իր ձեռնհասութեամբ դառնալ բոլորին կողմէ յարգուած անձնաւորութիւն մը:

ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովի, անոր  ատենապետին, ողջ Շրջանակային կազմին եւ Բարեգործականի անդամութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց եւ խօսք առաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր  Պրն. Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան  իր խօսքը սկսաւ արեւմտահայ քերթող Պ. Դուրեանի՝ «Այս ճակատագիրն ինչ սեւ է, Աստուած» տողով, յայտնելով իր համոզումը, որ ճակատագիրը սեւ կ'ըլլայ այն ժամանակ, երբ ենթական կը մեկնի, առանց իր ետին յիշատակ ձգելու, իսկ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեան այսօր կը մեկնի իր ետին ձգելով բազմաթիւ բարի  յիշատակներ՝ արժանի յիշողութեան ու յիշատակութեան:

5

Մէջբերելով նաեւ Բանաստեղծութեան իշխան Թէքէեանի յայտնի միտքը՝  «Ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց», Պրն. Մարտիրոսեան աւելցուց, «Իսկ ինչ տուաւ Կարապետ Պապահէքեանը այս գաղութին, այս գաղութէն մինչեւ Էջմիածին եւ Էջմիածնէն մինչեւ Հայաստան ու Արցախ, տուաւ իր սրտէն, տուաւ իր հոգիէն եւ սիրեց Ազգը, Հայրենիքը, սիրեց Արցախը եւ սիրեց Լիբանանահայ գաղութը, դառնալով փնտռուած, հաւասարակշռուած առաջնորդ»:

Ան յիշելով վերջին օրերուն ընկ. Պապահէքեանի հետ իր զրոյցը եւ Արցախի  մէջ   ընթացող գոյամարտին շուրջ վերջինիս  մեծ  հետաքրքրութիւնն ու սրտցաւ մօտեցումը եւ ուրախութիւնը՝ հայկական բանակի մարտունակութեան ու յաջողութիւններուն համար, համոզմունք յայտնեց, որ «Յաղթանակը կու գայ եւ անպայման այս գլխագիր Մարդը վերէն կը տեսնէ այդ յաղթանակը»:

Այսպիսով, հրաժեշտ տրուեցաւ բոլորի կողմէ սիրուած նուիրեալ ազգային բարերար, Հայ Մամուլի, Հայ Դպրոցի, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայու Հայրենիքին համար մտածող ու գործող ազնուական մարդուն՝ Կարապետ Պապահէքեանին, որուն գործն ու անցած ուղին պիտի մնան մեր յուշերուն մէջ յաւերժ: