Անգարան դատապարտած է Ճօ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձը
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձը` յայտարարելով, որ կը դատապարտէ «քաղաքական նպատակներով պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրող նմանօրինակ յայտարարութիւններն ու որոշումները»:
Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ կ’ընդգծուի, որ «Թուրքիան յարգանքով կը յիշէ օսմանեան բոլոր քաղաքացիները, այդ շարքին` հայերուն ապրած ցաւերը եւ կը մերժէ այդ վիշտը քաղաքականութեան նիւթ դարձնելու փորձերը»: Նշուած է նաեւ, որ «Անգարան կողմնակից է 1915 թուականի դէպքերու անկողմնակալ գիտական եւ իրաւական սկզբունքներու ծիրին մէջ ուսումնասիրութեան եւ այս առումով առաջարկած է պատմաբաններու յանձնաժողով հիմնել` բանալով իր արխիւները»:
«Թուրքիան ջանքեր կը գործադրէ տարածաշրջանին ու աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար: Հայաստանի հետ սկսած կարգաւորման գործընթացը այս մտայնութեան մէկ այլ ցուցիչ է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը եւս արձագանգած է ԱՄՆ նախագահին ուղերձին: Մեւլութ Չաւուշօղլուն Թուիթըրի մէջ արեւմտեան առաջնորդները, մասնաւորապէս Ճօ Պայտընը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը մեղադրած է երկերեսանի մօտեցման համար:
«Արեւմտեան որոշ առաջնորդներ վերջերս կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, որ «ցեղասպանութիւնը» միայն դատարանի որոշմամբ կրնայ հաստատուիլ: Ճիշդ է: Բայց նոյն մարդիկ 1915 թուականի դէպքերուն համար քաղաքական դրդապատճառներով օգտագործած են «ցեղասպանութիւն» բառը` առանց իրաւասու դատարանի որոշման եւ այս իրենց երկերեսանիութեան ամենացայտուն օրինակն է», գրած է Չաւուշօղլուն: