Ֆրանսայի Նիմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութիւն
Ապրիլ 16-ին Ֆրանսայի Նիմ քաղաքի կեդրոնը տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հրապարակի եւ հայկական խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս մասին յայտնեցին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութենէն:
Միջոցառման ընթացքին ելոյթներ ունեցան Նիմի քաղաքապետ Ժան-Փօլ Ֆուրնիէն, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը եւ Նիմի հայկական ընկերակցութեան (Amicale Franco-Armenienne de Nimes et du Gard) նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի Խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ֆրանսուազ Տիւման եւ Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանը։
Իր ելոյթին մէջ Հայաստանի դեսպանը յիշեցուց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականներուն ապաստանելու հարցով Ֆրանսայի կարեւոր դերակատարումը։ Ընդգծուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը 2001 թուականին օրէնքի ուժով ճանչնալու, ապրիլ 24-ը 2019 թուականէն ի վեր Ֆրանսայի պետական յիշատակի օրերու ցանկին մէջ ընդգրկելու կարեւորութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման հարցին շուրջ։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Նիմի քաղաքապետին եւ քաղաքային խորհուրդին՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը անմահացնող հրապարակի անուանակոչման եւ խաչքարի տեղադրման նախաձեռնութեան հաւանութիւն տալու համար։
Դեսպանը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նիմի՝ համեմատաբար նոր կազմուած ֆրանսահայ համայնքին՝ ի դէմս քաղաքի հայկական ընկերակցութեան եւ անոր նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանին՝ այս կարեւոր նախաձեռնութեան եւ զայն կեանքի կոչելու համար։
Ելոյթներէն ետք տեղի ունեցաւ խաչքարի օրհնութեան արարողութիւնը, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը։ Նոյն օրը դեսպան Տոլմաճեանը հանդիպեցաւ Նիմի ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու համար համայնքը յուզող խնդիրները։
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին՝ 2020 թուականին Արցախի մէջ պատերազմին ընթացքին Նիմի ֆրանսահայերուն կողմէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցուած աւելի քան 60 հազար եւրօ հանգանակութեան համար՝ ընդգծելով, որ նիմահայերուն պէս փոքրաթիւ հայ համայնքի մը համար նման զգալի չափի հանգանակութիւնը բացառիկ երեւոյթ մըն է եւ կը վկայէ համայնքին՝ մայր հայրենիքին հետ ամուր կապուածութեան եւ նուիրուածութեան մասին։