Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հերթական փառատօնը կը ծրագրեն բռնագրաւուած հայկական Շուշիի մէջ

2021-09-14
Image

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հերթական փառատօնը կը ծրագրեն բռնագրաւուած հայկական Շուշիի մէջ:

Ինչպէս յայտնած է haqqin.az-ը, փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 18-24 սեպտեմբերը եւ պիտի կրէ Ուզեիր Հաճիպեկովի անունը: Համերգը պիտի կայանայ բաց երկինքի տակ՝ Ֆիքրեթ Ամիրովի անուան պետական ​​երգի-պարի անսամպլի մասնակցութեամբ եւ ժողովրդական արտիստ Աղավերտի Փաշաեւի ու յայտնի մենակատարներու ղեկավարութեամբ:

Փառատօնին ԱՄՆ-էն եւ Լեհաստանէն սիմֆոնիք երաժշտութեան ներկայացուցիչներու ելոյթներ կը նախատեսուին: