ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՊԱՐՈՆ ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2026-ի երեկոյեան Ռամկավար Ազատական Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւն մը, պածտօնական հանդիպում մը ունեցաւ կիպրահայ Պետական Ներկայացուցիչ Պարոն Վարդգէս Մահտեսեանի հետ, ներկայացուցչական գրասենեակէն ներս։
Պարոն Մահտեսեան ջերմօրէն ողջունեց ՌԱԿ-ի պատուիրակները, շեշտելով որ շուրջ քսանաեայ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, ինք միշտ պատրաստ եւ տրամադիր եղած է հանդիպելու եւ կարծիքներու փոխանակումներ ունենալու, առանց բացառութեան, կիպրահայ համայնքը բաղկացնող բոլոր կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Ապա Պետական Ներկայացուցիչին ուշադրութեան յանձնուեցան կիպրահայ համայնքի ներկայ գոյավիճակէն մեկնելով յառաջացող հիմնական շարք մը մտորումներ եւ անդոհանքներ եւ զանոնք փարատելու նախանձախնդրութեամբ եղող որոշ թելադրութիւններ եւ առաջարկներ։
Արծարծուած հարցերուն առնչութեամբ Պարոն Մահտեսեանի հաղորդած պիտանի որոշ տեղեկութիւններէն եւ բացատրութիւններէն ետք, շատ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած սրտբաց զրոյցի ընթացքին, երկուստեք յայտնուեցան գործնական կարծիքներ եւ շինիչ առաջարկներ։
Հանդիպումը աւարտեցաւ մօտալուտ տօնական օրերու առիթով արտայայտուած փոխադարձ բարեմաղթութիւններով։
Ձախէն աջ՝ ընկեր Ասատուր Տէվլեթեան, ընկեր Տոքթ․ Վիգէն Ասիլեան, ընկեր Պարոյր Գույումճեան, ընկեր Արա Թովմասեան, ընկեր Յակոբ Խուրշիտեան (ՌԱԿ Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ) եւ Պարոն Վարդգէս Մահտեսեան