Ընկեր Պենոն Սեւան Ի Պատուի

2026-01-04
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, արժեւորելով վերթերան ընկեր Պենոն Սեւանի բազմամեայ նուիրեալ ազգային ծառայութիւնն ու կուսակցական հաւատաւոր եւ օրինակելի պատկանելիութիւնը, որոշած էր երէց մեր ընկերոջ շնորհել գնահատանքի յատուկ պատուագիր մը։
Մեծարանքի վկայաթուղթը հանդիսաւոր կերպով ընկեր Պենոնին յանձնելու համար, ՌԱԿ Կիպրոսի Շրջանային Վարչութիւնը, Ուրբաթ, Յունուար 2, 2026-ի երեկոյեան կազմակերպած էր սեղմ շրջանակով ընթրիք-հաւաք մը, որուն ՌԱԿ Կիպրոսի ղեկավար ընկերներէն բացի, հիւրաբար կը մասնակցէին նաեւ կիպրահայ պետական ներկայացուցիչ Պարոն Վարդգէս Մահտեսեանը եւ իր կողակիցը՝ Տիկին Մակին, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Նիկոսիոյ մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկին Էլիզապէթ Քէսթերլեանը եւ իր ամուսինը՝ Պարոն Վիգէնը։
ՌԱԿ Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Յակոբ Խուրշիտեան Ամանորի առիթով շնորհաւորելէ ետք բոլոր ներկաները, նշեց թէ ընկեր Պենոնը մեծարելը հրճուանք պատճառող յանձնառութիւն մըն է, որ միաժամանակ նաեւ պատուաբեր է Կիպրոսի կուսակցական շրջանակին համար։
Ապա խօսելու հրաւիրեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկեր Ասատուր Տէվլեթեանը, որ ընկեր Պենոն Սեւանի հետ ունեցած իր շատ վաղեմի ծանօթութենէն դրուագներ յիշատակելէ ետք, ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ մեծարուող մեր ընկերոջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս ունեցած աւելի քան քառասնամեայ բարեյաջող եւ դրուատելի պաշտօնավարութեան, որու ընթացքին արժանաւորապէս ձեռք բերած էր շատ բարձր աստիճան, հանգամանք եւ հեղինակութիւն։ Մասնաւորաբար Հ.Բ.Ը.Միութեան շրջագիծէն ներս ընկեր Պենոնի ունեցած ազգային բազմամեայ եւ անձնուէր ծառայութիւնը վեր առնելէ ետք, դիտել տուաւ որ 1958-ին, աւելի քան 67 տարի առաջ ՌԱԿ-ի շարքերուն իր միանալէն ի վեր, երախտաւոր մեր ընկերը տեւապէս եղած էր որ ո՛չ միայն հաւատաւոր կրողը այլ նաեւ կիրարկողը կուսակցութեան ազգային-քաղաքական ուղղութեան եւ սկզբունքներուն։ Ապա, ներկաներու ծափողջոյններուն ներքոյ ընկեր Պենոնին յանձնեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան շնորհած պատուագիրը։
Ընկեր Պենոն Սեւանը ջերմօրէն շնորհաւորելէ ետք, Պարոն Վարդգէս Մահտեսեան գնահատեց ՌԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած նախաձեռնութիւնը՝ վաստակաշատ անձնաւորութիւններու մատուցելու իրենց արժանի մեծարանքն ու գնահատանքը։
Ապա, իրեն ընծայուած պատիւին համար, երախտագիտական յուսումնախառն խօսքով հանդէս եկաւ օրուան մեծարեալը՝ վաստակաւոր ընկեր Պենոն Սեւանը։
 

Ձախէն աջ՝ ընկեր Ասատուր Տէվլեթեան, ընկեր Պենոն Սեւան, Պարոն Վարդգէս Մահտեսեան, Տիկին Մակի Մահտեսեան, Տիկին Ռիթա Ասիլեան եւ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան

Երախտագիտական իր խօսքը կ’արտասանէ ընկեր Պենոն Սեւան