Շնորհաւորական Նամակ Ն․Վ․ Նիկոլ Փաշինեանին

2026-06-10
Image

Յունիս 9, 2026

 

Նորին Վսեմութիւն Տիար Նիկոլ Փաշինեան,

Վարչապետ

Հայաստանի Հանրապետութեան.

 

Մեծարգոյ Տիար Վարչապետ,

Բարի եղէք ընդունելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեանս սրտագին շնորհաւորանքն ու խնդակցութիւնները Ազգային Ժողովի ընտրութիւններւն Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան եւ մասնաւորաբար Ձեր արձանագրած փայլուն յաղթանակին առիթով։

Օրեր առաջ Երեւանի մէջ գումարուած ՌԱԿ Լ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, որպէս կարեւորագոյն սահմանում, որդեգրեց հետեւալ բանաձեւումը. 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անխախտելի դաւանանքը, ուստի եւ առանցքային նպատակն է անսակարկ եւ նուիրեալ ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին եւ սրբազան մեր հայրենիքին։ Հետեւաբար, Կուսակցութիւնը շեշտակիօրէն կը վերահաստատէ, թէ առաջնահերթ եւ արմատական  մտասեւեռումներ են մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ հայրենի մեր սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, որպէս գերագոյն բաղձանք ունենալով հայրենաբնակ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն տեւապէս ունենալը ինքնիշխան, ժողովրդավարութեան ազատութեամբ օժտուած, անխռով, բարօր եւ արժանապատիւ կենցաղ, ինչպէս նաեւ իրաւահաւասար եւ կաշառազերծ միջավայրի մէջ ապրելու բացարձակ եւ անուրանալի իրաւունք։ Առ այդ, ՌԱԿ-ը ինչպէս միշտ, անվերապահ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայրենի պետականութեան, ի խնդիր անոր ամրապնդման եւ յարատեւումին, վերստին յայտարարելով թէ ո՛չ մէկ ճիգ պիտի խնայէ տեւապէս սատարելու հայրենի բոլոր ոլորտներու բարգաւաճման, բայց մանաւանդ՝ հայոց բանակի յարաճուն հզօրացման։

Բացայայտ է, որ արտայայտուած մտախոհութիւնները ամբողջովին կը համընկնին Ձեր կողմէ առաջադրուած եւ խիզախօրէն կիրարկուող ազգային մեր քաղաքականութեան։

Կը խնդրենք որ ընդունիք նաեւ ազգանուէր Ձեր առաքելութիւնը անվհատ եւ անվեհեր կերպով շարունակելու մեր ջերմագին բարեմաղթութիւնները։

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ