Հաղորդագրութիւն՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հերթական Լ. (30-րդ) Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողով

2026-06-04
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հերթական Լ. (30-րդ) Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ, Մայիս 29-31, 2026-ին։

Օրէնսդիր գերագոյն այդ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՌԱԿի աշխարհատարած շրջանակներու լիազօր ներկայացուչները: Եռօրեայ իր աշխատանքներու աւարտին, ժողովը յանգեցաւ Հայ ժողովուրդը եւ ՌԱԿը անմիջականօրէն յուզող, կարեւոր հարցերու վերաբերեալ, շարք մը որոշումներու:

Առ այդ կը հրապարակուի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

  • Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անխախտելի դաւանանքը, ուստի եւ առանցքային նպատակն է անսակարկ եւ նուիրեալ ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին եւ սրբազան մեր հայրենիքին։ Հետեւաբար, Կուսակցութիւնը շեշտակիօրէն կը վերահաստատէ, թէ առաջնահերթ եւ արմատական մտասեւեռումներ են մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ հայրենի մեր սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, որպէս գերագոյն բաղձանք ունենալով հայրենաբնակ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն տեւապէս ունենալը ինքնիշխան, ժողովրդավարութեան ազատութեամբ օժտուած, անխռով, բարօր եւ արժանապատիւ կենցաղ, ինչպէս նաեւ իրաւահաւասար եւ կաշառազերծ միջավայրի մէջ ապրելու բացարձակ եւ անուրանալի իրաւունք։ Առ այդ, ՌԱԿ-ը ինչպէս միշտ, անվերապահ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայրենի պետականութեան, ի խնդիր անոր ամրապնդման եւ յարատեւումին, վերստին յայտարարելով թէ ո՛չ մէկ ճիգ պիտի խնայէ տեւապէս սատարելու հայրենի բոլոր ոլորտներու բարգաւաճման, բայց մանաւանդ՝ հայոց բանակի յարաճուն հզօրացման։

 

  • Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, աւելի քան 1700 տարի եւ յատկապէս հարիւրամեակներ շարունակ, երբ զրկուած եղած ենք պետականութենէ, մեր ժողովուրդին ծառայած է ո՛չ միայն իբրեւ վստահելի հոգեւոր առաջնորդ, այլեւ հանդիսացած է ապագայի հանդէպ հաւատքի եւ յոյսի, միասնականութեան եւ ազգասիրութեան անսպառ ներշնչարան, ինչպէս նաեւ ազգային մեր արժէքներու եւ հայապահպանման անփոխարինելի կռուան։ Հիմա, սակայն, երբ, ի վերջոյ, բախտաւորուած ենք բազմակուսակցական համակարգ ունեցող, ժողովրդավարական հանրապետութեամբ մը, խիստ շահեկան պիտի ըլլար որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ամբողջովին կեդրոնանար ՄԻԱՅՆ հոգեւոր առաջնորդութեան սրբազան իր առաքելութեան վրայ։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, մեկնելով մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերէն, կը բաղձայ եւ կ՛ակնկալէ որ, ներկայիս տիրող ծայր աստիճան անհաճոյ կացութիւնը, շուտափոյթ կերպով յանգի տրամաբանական եւ արդարագոյն իր լուծման։ ՌԱԿ-ը ջերմօրէն կը փափաքի նաեւ, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կանոնակարգն ու կարգավիճակը ենթարկուին անհրաժեշտ ամէն բարեփոխումի, որուն շնորհիւ մեր եկեղեցին, անպայմանօրէն, կրնայ վերածուիլ մեր ժողովուրդի ժամանակակից բոլոր յոյզերուն անմիջականօրէն հաղորդ, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ անսասան յենարանի, որ կը վայելէ համազգային յարգանք եւ վստահութիւն։

 

  • ՌԱԿ-ը, խոր համոզմամբ եւ վերանորոգ վճռականութեամբ կը շարունակէ մնալ հայկական պահանջատիրութեան հետապնդման նուիրական առաքելութեան հաւատաւոր զինուորագրեալը: Առ այդ՝ կուսակցութեան անվհատ եւ իրապաշտ ծրագրումներէ բխող ճիգերը յստակօրէն կը ձգտին ո՛չ միայն յանգելու միջազգային հանրութեան կոնմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միահամուռ ճանաչման եւ դատապարտումին, այլ նաեւ՝ ազգային մեր բոլոր իրաւունքներու, ներառեալ արցախահայութեան անժխտելի իրաւասութիւններու, ամբողջական վերականգնման։ Լիովին ըմբռնելի է թէ, զանազան յայտնի գործօններու թելադրանքով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այս ուղղութեամբ, որոշումներ կը կայացնէ եւ պիտի շարունակէ կայացնել որոշ հանգամանքներու նկատառումով։ Հայկական սփիւռքը, սակայն, ենթակայ չէ որեւէ սահմանափակման կամ կաշկանդումի։ Հետեւաբար, ՌԱԿ-ի հաստատ համոզումն է, որ համադրուած ռազմավարութեամբ, կարելի է ձեռք բերել ցանկալի արդիւնքներ։

 

  • Հայաստանի Հանրապետութեան համար անփոխարինելի հարստութիւն է սփիւռքի հայութիւնը, որ իր մեծամասնութեամբ, անմնացորդ սիրով, անսահման կարեկցութեամբ եւ գորովով կ’ընկալէ մայր հարենիքը, հայրենաբնակ հարազատ ժողովուրդը եւ անոնց ներկային եւ ապագային հետ աղերս ունեցող բացարձակապէս ամէն բան։ Հայկական սփիւռքի հայթայթած ու հայթայթելիք բազմաբնոյթ եւ յարատեւօրէն կայուն նեցուկը, վաւերականագոյն գրաւական է մեր հայրենիքին համար։ Իսկ արտերկրի հայութիւնը աշխոյժ ու կայտառ պահելու համար, անհրաժեշտ է, հետեւողականօրէն որոնել եւ կիրարկել հայապահպանման եւ ազգային հպարտութիւն ներշնչող, յարափոփոխ եւ արդիւնաբեր եղանակներ։ Ինչպէս նախորդ հարիւրեւհինգ տարիներուն, ՌԱԿ-ի գլխաւոր մտասեւեռումներէն եւ յանձնառութիւններէն կը հանդիսանան ազգպահպանման, ինչպէս նաեւ ազգային ազնիւ եւ անարատ դաստիարակութեան նուիրական աշխատանքները։

 

  • Ամէն կասկածէ վեր է, որ հաւանաբար, աւելի քան երբեւէ, այսօր մեզի համար կենսականօրէն անհրաժեշտ է ապահովել ազգային ամբողջական միասնականութիւն։ Անյապաղօրէն հարկաւոր է որ ազգովին միաւորուինք, որպէսզի կարենանք յաղթահարել մեր դէմ ծառացող բոլոր տեսակի սպառնալիքներն ու պատուհասները։ Հետեւաբար, համահայկական որեւէ հիմնահարցի լուծման ի խնդիր, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը լիովին պատրաստակամ է համագործակցելու հայրենի կամ արտերկրի որեւէ կազմակերպութեան կամ կառոյցի հետ, որ կը բաժնէ միեւնոյն մտահոգութիւնները։

 

  • ՌԱԿը կը գնահատէ հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ գործադրութեան դրուող այլազան ծրագիրները, որոնք կը միտին մեր երկրին պայծառ ու կայուն ապագային նկատմամբ վաւերական յոյս եւ հաւատք ներշնչել։ Առ այդ, կը յայտնէ իր անվերապահ յօժարութիւնը, իր հանարաւորութեան տակ եղող բոլոր միջոցներով, սատար հանդիսանալու ազգաշէն ամէն նախաձեռնութեան։ Իսկ ՌԱԿ-ի հաստատ համոզումն է որ, շատ շուտով տեղի ունենալիք Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն, մեր ժողովուրդի արդար եւ չխաթարուած քուէն պիտի ապահովեն արժանաւորագոյն թեկնածուները, որոնք, փաստօրէն, վաստակած են հայրենաբնակ մեր հարազատներուն վստահութիւնն ու յարգանքը։

 

  • Գնահատելով ընթացաւարտ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ անցնող երեք տարիներու ընթացքին անոր ունեցած բոլոր գործունէութիւնները, ՌԱԿ Պատգամաւորական Ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց ընտրելով կուսակցութեան նոր Կեդրոնական Վարչութիւն:

Պատմական այս նստշրջանը եզրափակուեցաւ՝ վերանորոգումովը ազգանուէր սրբազան այն ուխտին, որուն զինուորագրեալն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, վերստին ողջունելով կուսակցութեան անխտիր բոլոր անդամներն ու համակիրները, սրտանց ողջունելով նաեւ հայրենիքն ու ամբողջ հայութիւնը.

Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը,

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը,

Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը

            ԴԻՒԱՆ ՌԱԿ Լ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ