Թրքական F-16 կործանիչի կողմէ խոցուած հայկական Սու-25 գրոհիչի մնացորդները (Լուսանկարներ)

2020-09-30
Image

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը լուսանկարներ հրապարակած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերուն պատկանող F-16 կործանիչներէն մէկուն կողմէն խոցուած ՀՀ ԶՈւ ռազմաօդային ուժերու ՍՈւ-25 գրոհիչէն։

 

 

Յիշեցնենք, որ  Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերուն պատկանող  F-16 կործանիչները օդ բարձրացուցած էին Ատրպէյճանի «Գեանջա»  օդակայանէն եւ կ՛ապահովէին Ատրպէյճանի «Դալեար» օդակայանէն ՀՀ Վարդենիսի տարածաշրջանի Վարդենիս, Մեծ Մասրիք, Սոթք տարածաշրջաններու մէջ տեղակայուած ՀՀ բնակավայրերու եւ ԶՈՒ ցամաքային ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ՍՈՒ-25 եւ թրքական արտադրութեան «Պայրաքթար» ԱԹՍ-ով ռմբահրթիռային հարուածները:

Մարտական խնդիրը կատարելու ատեն հակաօդային եւ օդային մարտերու ընթացքին Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերու F-16 կործանիչի կողմէ ՀՀ օդային տարածքին մէջ խոցուած է ՀՀ Զու ռազմաօդային ուժերու ՍՈՒ-25 գրոհիչը:

Օդաչուն, ցաւօք, հերոսաբար նահատակուած է: