Սեւանայ լճի մէջ կապտականաչ ջրիմուռներու աշխուժացում կը նկատուի

2020-07-22
Image

Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան մասնագիտական ստորաբաժանումները ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնը կը պահեն Սեւանայ լճի կապտականաչ ջրիմուռներու աշխուժացման խնդիրը։

Այս պահուն, կապտականաչ ջրիմուռներու աշխուժութիւն կը դիտարկուի ինչպէս մեծ Սեւանի, այնպէս ալ փոքր Սեւանի հատուածներուն մէջ։

Ըստ մասնագիտական խորհրդակցութիւններուն, լճին մէջ կապտականաչ ջրիմուռներու խիտ աճի եւ ջուրի որակի անկումին հիմնական պատճառները դեռ ձմեռուընէ սկսած լճի ջուրի բարձր ջերմաստիճանն է ու լճի ֆոսֆորի բարձր տոկոսը:

Նախորդ տարուայ ընթացքին, ափամերձ հատուածներէն մաքրուած է շուրջ 100 հեկտար անտառածածկ տարածք։ Այս տարի աշխատանքները կը շարունակուին։

Անոր զուգահեռ, սկսած են Սեւանայ լճի ափամերձ հատուածներուն մէջ, 1901,5 մեթր նիշէն ցած գտնուող,  քանդուելու ենթակայ շէնք-շինութիւններու քարտէզագրման եւ գոյքագրման աշխատանքները։

Մշակուած է «Սեւանայ լճի բնապահպանական համակարգի հաւասարակշռութեան վերականգնման եւ պահպանութեան հիմնախնդիրները եւ անոնց կարգաւորման անհրաժեշտ եւ նախատեսուող գործողութիւնները» փաստաթուղթը, որ ներկայացուած է Եւրոպական Միութեան գործընկեր նուիրատու կազմակերպութիւններուն, ֆինանսաւորման նպատակով։ Այդ նպատակներուն համար յատկացուած է շուրջ 5 միլիոն եւրօ գումար։

Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան կողմէն, որպէս հրատապ լուծում պահանջող միջոցառումներէն ընտրուած են 3-ը.-

- Գեղարքունիքի մարզէն դէպի լիճ կեղտաջուրերու հոսքի կանխարգիլում:

- Ընդերք օգտագործման թափօններով զբաղուած տարածքներու կրկին մշակում:

-Սեւանայ լճի ջրհաւաք աւազանի աղտոտած գետերու հուները մաքրելու աշխատանքներու իրականացում։

 

*Լուսանկարը Սեւանայ լճի արբանեակային պատկերն է  20․07․2020 դրութեամբ։