Վիգէնին ծեծեցին. մտածեցի, թէ մեզ ողջ-ողջ պիտի այրեն. նորմալ կը վարուէին հետս, բայց ըսել չէ որ՝ լաւ. Մարալ Նաճարեան մանրամասներ պատմած է

2021-03-12
Image

Ատրպէյճանական ուժերու կողմէ գերեվարուած Մարալ Նաճարեան, որ արդէն ազատ արձակուած է ու վերադարձած է տուն` Պէյրութ, զրոյց ունեցած է «Շանթ» ՀԸ-ի հետ: Ան ներկայացուցած է մանրամասներ գերի իյնալու մասին:

«Շուշի հասանք, մեր շուրջը զինուորներ եկան, հարցուցին, թէ ուրկէ ենք, պատասխանեցինք՝ Երեւանէն կու գանք, Վիգէնի իրերը Շուշիի հիւրանոցն են, պէտք է վերցնենք, ըսին՝ անձնագիրը տուէք, վերցուցին, հեռախօսները, դրամապանակը, մեքենայի բանալին վերցուցին, մեզի իջեցուցին, ըսին՝ այստեղ սպասեցէք, եթէ տեսնենք, որ խնդիր չունիք մեզի հետ, ետ կ'ուղարկենք Երեւան:

Երբ հեռախօսը միացուցին, Վիգէնի կամաւոր ժամանակուայ նկարը տեսան, ըսին, որ մեզի չեն կրնար ձգել, թերորիսթ ենք: Վիգէնին ծեծեցին, յետոյ մեզի «Ճիփ» նստեցուցին ու Ատրպէյճան տարին: «Ճիփ»ին մէջ պալոններով կազեր կային, դուռն ու պատուհանները փակեցին: Իմ աչքերս բաց էր, բայց Վիգէնին աչքերը փակած էին, մտածեցի, թէ մեզ ողջ-ողջ պիտի այրեն»,- պատմած է ան:

Ան նշած է, որ շատ վախցած է այդ ժամանակ, յոյս չունէր, որ ողջ կը մնայ: «Բայց նորէն Աստուծոյ կ'աղօթէի, կ'ըսէի՝ Աստուած ուժ ու կարողութիւն տուր, որ դիմանամ, ես քեզի կը վստահիմ: Ինծի բացարձակ չեն ծեծած: Նորմալ կը վարուէին հետս,  չէի ըսեր՝ շատ լաւ, բայց նորմալ»:

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։