Շնորհաւորական նամակ Տիար Սամ Սիմոնեանին

2024-03-05
Image
Sam and Sylva Simonian

Մեծայարգ Տիար Սամ Սիմոնեան, Թեքսաս, Միացեալ Նահանգներ

Անխառն հրճուանքով ու մեծ գոհունակութեամբ կ’ողջունենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովի կողմէ առնուած որոշումը որ դուք դառնաք ազգային մեր մեծ Միութան յաջորդ Նախագահը։

Արդարեւ, դուք լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկն էք մեր այ՛ն սերունդին, որ բախտը ունեցած է ստանալու ազգային տոհմիկ անարատ դաստիարակութիւն, ամէնէն արդիւնաւէտ հանդիսացող ժամանակաշրջանին։

Դուք կը պատկանիք հայաշունչ կրթութեան մեր այն հունձքին որ, կ’արտացոլացնէ Հ.Բ.Ը.Միութեան ազգային հիմնական առաքելութիւնը եւ, անտարակոյս, դափնեպսակն է Միութեան այդ ասպարէզէն ներս արձանագրած նուաճումներուն։ Ազգային ձեր ընբռնումներն ու համոզումները կոփուած են Արա Թոփճեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Վահէ Վահեանի եւ հայկական կրթութեան նշանաւոր այլ նուիրեալներու հոյակապ եւ գուրգուրալից ուսուցումով։

Համոզուած ենք որ, իբրեւ արժանաւոր Նախագահը ազգային վաստակաշատ մեր Միութեան, դուք պիտի ունենաք պաշտօնավարութան ամենափայլուն շրջան մը, բազմաթիւ մեծ իրագործումներով եւ յաջողութիւններով հարուստ։

Ամբողջական լաւատեսութեամբ կը հաւատանք նաեւ որ կ’ամրապնդուին ու նոր, խրախուսող որակ կը ստանան Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւանդական սերտ կապերն ու համագործակցութիւնը։

Ձեզի, սրտանց, կը մաղթենք քաջառողթութիւն եւ ամենայն բարիք։

 

Ի Դիմաց՝

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան

Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան՝ Ատենադպիր

Մայք Խարապեան՝ Ատենապետ