Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Իւրայատուկ Ձեւով Տօնեց Կուսակցութեան Հարիւրամեակը
1 Հոկտեմբեր 1921- 1 Հոկտեմբեր 2021: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը դարձաւ 100 տարեկան: Կուսակցութիւնը, 1885-ին հիմնուած արմենականներու, վերակազմեալ հնչակեաններու սահմանադրական ռամկավարներու, ժողովրդականներու եւ ազատականներու շառաւիղն է: Այս քաղաքական ուժերը միացան, երբ զգացին մեր տառապեալ ժողովուրդին պէտքը իրենց հարցերով զբաղող արդիւնաւէտ քաղաքական յենարանի մը: Եւ այդ յենարանը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնն էր:
Կուսակցութեան դերը միշտ մեծ եղած է մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Երբ պէտքը կար ազգային ոչ-քաղաքական ժողովրդանուէր կառոյցի մը, ռամկավարներ օժանդակեցին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան եւ դրին այդ պայծառ կազմակերպութեան աշխատանքի առաջին ծրագիրը: Երբ պէտք կար կրթական եւ մշակութային կառոյցի մը մեր ժողովուրդի ծառայութեան համար, կուսակցութիւնը հիմնեց Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, որ կրթական եւ մշակութային պայծառ էջ մը եղաւ մեր ժողովուրդի կեանքի գիրքին մէջ: Ռամկավար մամուլը եւ մտաւորականները իրենց իւրայատուկ, բարձր մակարդակը եւ խօսքը ունեցան եւ ունին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Եկեղեցին ալ իր հարցերով մաս կազմեց Ռ.Ա.Կ.-ի առաքելութեան եւ շատ անգամ կուսակցութեան պայծառ ձեռքը կը տեսնենք եկեղեցական հարցերու լուծումին մէջ:
Ռ.Ա.Կ.-ի տնտեսական եւ քաղաքական փիլիսոփայութեան հիմերն են՝ ազատ նախաձեռնութեան քաջալերանք, ազատ ընտրութիւն, հաշուետուութիւն, երկխօսութիւն եւ լայնախոհութիւն ու յարգանք ամէն հայորդիի հանդէպ: Կուսակցութիւնը եղած է երկխօսութեան ճշմարիտ ախոյեան մը եւ այն օրը, որ մենք կը կորսնցնենք այդ առաքինութիւնը, Կուսակցութիւնը կը կորսնցնէ իր ամենակարեւոր դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Հարիւրամեայ յոբելեանի առիթով, Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ատենապետութեամբ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի, ունեցաւ ազնիւ գաղափարը այցելելու մեր ազգին ծառայած կուսակցութեան երախտաւորներու դամբարանները եւ ծաղկեպսակ դնելու անոնց շիրիմներուն վրայ: Ներկայ էին մեր աւագ սերունդի մտաւորականներէն Պարոյր Աղպաշեան եւ Օհան Պոտրումեան: Վարչութեան միացան Լիբանանի շրջանի ակումբներու վարչութիւններու ատենապետեր եւ վարչականներ: «Շուշան-Վարդենի», «Եկարեան», «Պայքար», «Տամատեան» եւ «Յովսէփեան» ակումբներու վարչականներ ներկայ էին:
Ֆըրն Շըպպէքի գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Կուսակցութեան երախտաւորներու հոգիներու հանգստութեան համար: Տէր Ղեւոնդ եւ Տէր Սիմէոն կատարեցին արարողութիւնը: Ապա ծաղկեպսակ դրուեցաւ Միքայէլ Նաթանեանի, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, Միհրան Տէր Ստեփանեանի, Յովսէփ Էմիրեանի, Հրայր Հովիւեանի եւ շատ մը այլ կուսակցական երախտաւորներու շիրիմներուն վրայ: Ֆըրն Շըպպէքի Հայ Աւետարանական գերեզմանատան մէջ ծաղկեպսակ դրուեցաւ Գերսամ եւ Շահէ Ահարոնեաններու շիրիմին վրայ: Ապա անցանք Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ նաեւ աղօթք կուսակցական բոլոր ննջեցեալներու ի յիշատակ: Նոյն ձեւով ծաղկեպսակ դրուեցաւ Կարապետ Պապահէքեանի, Արամ Սեփեթճեանի, Վազգէն Ժամկոչեանի, Անդրանիկ Պոզոյեանի եւ շատ մը այլ երախտաւորներու շիրիմներուն վրայ:
Աւարտին, Ընկեր Պարոյր Աղպաշեան սրտի խօսք արտասանեց այս հոգեպարար առիթով: Ան շեշտեց, թէ ժամը հասած է արդէն այս մեծ կուսակցութեան ներքին հարցերը լուծելու եւ զայն վերադարձնելու անցեալի պայծառ օրերուն: Ժամը հասած է խարխափումը աւարտելու եւ ճշդելու ազգաշէն ուղին: Աղպաշեան յայտարարեց, թէ այս կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը այնքան մարդկային է, որ նոյնիսկ տարիներէ ի վեր կուսակցական գործունէութենէ հեռացած ընկերներ եւ ընկերուհիներ կը պահեն իրենց կատարած երդումը եւ ամէն ձեւով օգտակար կը դառնան կուսակցութեան եւ մեր ժողովուրդին: Ան գնահատեց Շրջանային վարչութեան գեղեցիկ գաղափարը քով-քովի բերելու երկար ատենէ ի վեր բացակայ ընկերներ եւ ընկերուհիներ: Աղպաշեան այս այցելութիւնը համարեց ուխտի վերանորոգում, այն յոյսով, որ կարելիութիւն ստեղծուի կուսակցութեան նախկին փառքի օրերուն վերադառնալու: Ան աւելցուց, թէ այս այցելութեան հիմնական նպատակն է երկիւղածութեամբ յիշել կուսակցութեան մեծերը, որոնք շատ բան տուած են անոր եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Գաղափարի փարոսներ եղած են, եղած են նաեւ գործնական, գետնի վրայ աշխատող մարդիկ: Աղպաշեան կուսակցութեան կեանքը նմանցուց մարդու կեանքին: Երբ ան տարիքը առնէ կը ծերանայ եւ պէտք ունի վերանորոգուելու: Ուրեմն, կուսակցութիւն մը պէտք է անպայման վերանորոգուի երիտասարդներու ընդգրկումով: Հակառակը կը նշանակէ ստոյգ մահ: Պիտի վերանորոգուինք կամ փակենք: Ճիգ պիտի թափուի բարեկարգելու կուսակցութիւնը, իսկ անոնք որոնք վարեցին կուսակցաքանդ քաղաքականութիւն, պէտք է օրինական ձեւով հեռացուին, որպէսզի ան կարենայ դարձեալ բռնել վերելքի ճամբան: Կուսակցութեան ղեկավարութեան համար, Հայաստան վեր էր ամէն քաղաքական կամ կուսակցական պատկանելիութենէ: Կարեւոր չէր թէ ով է իշխողը: Պէտք էր գուրգուրալ Հայաստանի վրայ անկախ անոր քաղաքական ուղիէն: Այս եղած է միշտ մեր կուսակցութեան ուղին: Տարագիր հայութիւնը կապել Հայաստանին եւ յաջողեցանք: Այսպէս էր մեր կուսակցութիւնը մինչեւ որ խորթ ու մութ ամպեր, օտարին ծառայող տարրեր եկան եւ սկսան վարել կուսակցաքանդ քաղաքականութիւն: Անոնք յաջողեցան պարակտել մեզ եւ իրենց հոգը չէ:
Ընկեր Աւետիս Տագէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին այս արարողութեան մասնակցելուն համար: Ան նաեւ շեշտեց, թէ միայն միասնականութեամ եւ զիրար յարգելով մենք պիտի երթանք յառաջ: Այս է այսօրուան ամենակարեւոր պատգամը, որ մեզի կը յուշեն կուսակցութեան եւ ազգին ծառայած երախտաւորները:
Բիւր յարգանք հարիւրամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Ռ.Ա.Կ.-ին կը մաղթենք վերանորոգ կորով եւ պայծառ օրեր: Վարձքը կատար ազգին ծառայած եւ ծառայող Կուսակցութեան ազնիւ երախտաւորներուն: Ապագայի տեսիլքի իրականացումը մէկ քայլով կը սկսի: Առնենք առաջին լուրջ քայլը ի փառս մեր ժողովուրդին եւ մեր մեծ կուսակցութեան:
Վ.Թոսունեան