«Իրան եւ Հայաստան թոյլ չեն տար միջանցքի ստեղծման». Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան

2023-02-10
Image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման Իրանը դէմ չէ: «Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները ընդհանուր շահերու ծիրին մէջ» խորագրով աշխատաժողովի ընթացքին պատասխանելով լրագրողի հարցին` յայտնած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին:

«Այլ երկիրները կրնան իրենց նպաստը բերել տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման առումով», նկատած է դեսպանը:

Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանի երկիրներու մասնակցութեամբ խնդիրներու լուծման` այն կրնայ ապահովել անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ երկխօսութեան եւ քննարկումներու վրայ:

«Հայաստանն  ու Իրանը հարեւաններ են, կան եւ պիտի ըլլան հարեւաններ: Ի հարկէ, որոշակի խորամանկութիւններ կը նկատուին, կը խօսին այսպէս կոչուած միջանցքներու, որոշ գործողութիւններու մասին, սակայն Իրանը եւ Հայաստանը թոյլ պիտի չտան, որ նման միջանցք ստեղծուի», յայտնած է դեսպանը:

Ան յաւելած է, որ թէ՛ իրանեան, թէ՛ հայկական կողմին դիրքորոշումը շատ յստակ է:

«Մենք պէտք է նաեւ նախաձեռնող ըլլանք: Պէտք է տեսնենք, թէ ինչ նոր քայլերու կրնանք ձեռնարկել: Պէտք է սպասենք, որ նոր մտայղացում ըլլայ, օրինակ,  ինչ-որ միջանցք բանալու հետ կապուած, ապա մենք որոշենք, թէ ինչ դիրքորոշում պէտք է որդեգրենք: Այսինքն` թոյլ պէտք չէ տանք նման բան», ըսած է ան:

Դեսպանը այդ առումով օրինակելի գործողութիւն որակեց Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնումը Կապանի մէջ, իսկ շուտով նաեւ` Թաւրիզի մէջ ՀՀ հիւպատոսութեան բացումը: