«Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի փորձերը արդիւնք պիտի չունենան» կը պնդեն Պաքուէն

Ատրպէյճան անհիմն կը համարէ Երեւանի փորձերը՝ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին մէջ ներառելու Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան քննարկման միջազգային մեքանիզմ ստեղծելու մասին դրոյթը։
Մեկնաբանելով Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնը միջազգային մեքանիզմի մշակման կարեւորութեան մասին, որու ծիրէն ներս Ստեփանակերտն ու Պաքուն պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերը, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Այխան Հաճիզատէն ըսած է, որ «նման փորձերը արդիւնք պիտի չունենան»։
Ան նշած է, որ «Հայաստանը մինչ օրս չի հրաժարիր Ատրպէյճանի հանդէպ տարածքային պահանջներէն»։
«Եւս մէկ անգամ կ'ուզենք յիշեցնել, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի անքակտելի մասն է, եւ այս տարածաշրջանին մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի ապահովուին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն։ Հայաստանի միջամտութիւնը հայ բնակչութեան վերահամարկման գործընթացին, որ Ատրպէյճանի ներքին խնդիրն է, անընդունելի է»,-ըսած է Հաճիզատէն։