«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանհայերուն աջակցելու համար դրամահաւաք սկսած է

2020-08-07
Image

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանի հայերուն աջակցելու համար առցանց դրամահաւաք սկսած է:

«Տարիներ շարունակ Լիբանանի հայ համայնքը մեծ նուիրումով սատարած է թէ Հայրենիքին, թէ սփիւռքի համայնքներուն: Այժմ մեր գործելու ժամանակն է»,- նշած են հիմնադրամէն` յորդորելով մասնակցիլ հրատապ դրամահաւաքին:

4 Օգոստոսի երեկոյեան Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած  ուժեղ պայթումին հետեւանքով վնասւուած են նաեւ հայաշատ թաղամասերու տուները, վաճառատուները, կրթական, մշակութային կեդրոնները եւ եկեղեցիները։ Վերջին տուեալներով զոհեւած են 11, իսկ վիրաւորուած 25 հայեր:

Հիմնադրամի միջոցով հանգանակութիւն կրնաք կատարել հետեւեալ յղումով։