«Հայ-ատրպէյճանական սահմանի ուղղութեամբ շատ շահեկան դիրք ունինք, այդ դիրքերուն պիտի ամրապնդուինք եւ մնանք»․ Ալիեւ

2023-03-28
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր Լաչինի շրջանին մէջ յատուկ ներկայացուցիչ նշանակած է։ Այդ պաշտօնը պիտի զբաղցնէ Մասիմ Մամետովը։

Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մօտ կանգնած Caliber.az կայքի հաղորդմամբ՝ Մամետով մարտ 1-ին Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու հետ Խոճալուի մէջ կայացած բանակցութիւններու մասնակիցներէն մէկն է։ Այդ հանդիպման Մամետով կը մասնակցէր որպէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը հետաքննող ատրպէյճանական հսկողութեան խումբի ղեկավար։

Ատրպէյճանական աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ աւելի վաղ Մամետովն աշխատած է Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ որպէս խորհրդական։

Նշենք, որ «բնապահպաններ» ներկայացող ատրպէյճնցիները արդէն 107 օր փակ կը պահեն Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։

«Այսօր Ատրպէյճան-Հայաստան սահմանին ուղղութեամբ մենք շատ շահեկան դիրքեր ունինք», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լաչինի շրջանին մէջ իր նորանշանակ յատուկ ներկայացուցիչ Մասիմ Մամետովի հետ հանդիպման ընթացքին։

Ըստ անոր՝ «իրենք այդ դիրքերուն մէջ կ՛ամրապնդուին եւ հոն ալ պիտի մնան»։

«Տարիներ շարունակ Հայաստան Լաչինի վերադարձը անթոյլատրելի կը նկատէր։ Բանակցութիւններու երկար տարիներուն ընթացքին միջնորդները մնայուն կերպով յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերէին Լաչինի շրջանին նկատմամբ, իսկ Հայաստան, ընդհանուր առմամբ, այդ շրջանը Ատրպէյճանին վերադարձնելը անթոյլատրելի կը նկատէր», ըսած է Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Սակայն հայերը չեն պատրաստուիր միւս շրջաններէն ալ հեռանալ: Այսօր` պատերազմէն երկուքուկէս տարի ետք, այդ մէկը բոլորին համար շատ աւելի ակնյայտ դարձած է: Միջազգային միջնորդներն ալ` ԵԱՀԿի նախկին Մինսքի խումբը, բանակցութիւններ վարելով, փաստօրէն կը փորձէին ամրագրել բռնագրաւման փաստը»: