«Մենք առանձին` մէկ կաթիլ ենք, միասին` ովկիանոս»․ Սերտար Քըլըչ

2023-02-14
Image

Մենք առանձին՝ մէկ կաթիլ ենք, միասին՝ ովկիանոս ենք: Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը՝  իր էջին տարածելով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի գրառումն առ այն, որ հայ փրկարարներու խումբը երկրաշարժէն տուժած եւս երկու կին փրկած են:

«Մենք առանձին` մէկ կաթիլ ենք, միասին` ովկիանոս: Սա օր է, երբ մենք մէկ կողմ կը դնենք ցեղային, ազգային եւ կրօնական պատկանելութիւնը եւ մարդասիրութեան ու մարդկային համերաշխութեան բարձրագոյն մակարդակի կը հասնինք, որպէս նոյն Աստուծոյ զաւակներ: Աստուած օրհնէ բոլորդ», Թուիթըրով գրած է թուրք դիւանագէտ Սերտար Քըլըչ:

«Մարդասիրական օգնութիւնը ճիշդ քայլ է, բնական քայլ է, լայնածաւալ արհաւիրքներու օրերուն բոլոր պետութիւնները պէտք է միմեանց օգնեն», նախօրէին յայտնած է Ռուբէն Ռուբինեան: