«Ոչ վաղ անցեալին մենք ինքներս բախած ենք մեր տարածաշրջանին մէջ օտարերկրեայ ահաբեկիչներ ի յայտ գալուն» Փաշինեան

2022-01-10
Image

Ելոյթ ունենալով ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան արտահերթ նիստին՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ լարուածութիւնը չի նուազիր կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, եւ անդամ երկիրները կը շարունակեն բախիլ նոր սպառնալիքներու։

«Ղազախստանի մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ՝ կապուած միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ներգրաւուածութեան մասին տեղեկատուութեան հետ։ Ոչ վաղ անցեալին մենք ինքներս բախած ենք մեր տարածաշրջանին մէջ օտարերկրեայ ահաբեկիչներ ի յայտ գալուն», ըսած է Փաշինեան։

Փաշինեանի խօսքով՝ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան առանցքային առաջնահերթութիւններէն է Կազմակերպութեան ճգնաժամային արձագանգման մեխանիզմներու ուժեղացումը։