Ազգային ժողովի պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեանը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է

2021-06-10
Image

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի 1-ին մասի համաձայն` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեանը 9 Յունիսին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է, նշուած է ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութեան մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի համաձայն` եթէ հրաժարականի հրապարակումէն ետք՝ մէկ շաբթուայ ընթացքին, պատգամաւորը գրաւոր դիմումով ետ վերցնէ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա Ազգային ժողովի նախագահն այդ մասին հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ, եթէ ետ չվերցնէ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա անոր լիազօրութիւններու դադարման մասին կը կազմուի արձանագրութիւն, որ կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի նախագահը:

Արձանագրութեան հրապարակման պահէն հրաժարականը կը համարուի ընդունուած: