ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կոչ կ'ընէ նուազեցնելու առկայ լարուածութիւնը

2021-11-17
Image

Մենք կողմերուն կոչ կ'ընենք հրատապ ու ճշգրիտ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ հետագայ մագլցողութենէն խուսափելու նպատակով: Այս մասին ըսած ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընը:

«Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բուռն բախումներու վերաբերեալ տեղեկութիւններով: Մենք նաեւ կոչ կ'ընենք կողմերուն կառուցողական կերպով կարգաւորելու բոլոր չլուծուած, այդ շարքին՝ սահմանազատման վերաբերող հարցերը:

Ինչպէս նշուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու՝ 15 Նոյեմբերին տարածած յայտարարութեան մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան վերջին աճը կ'ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխող եւ չկարգաւորուած խնդիրներու բանակցուած, համապարփակ ու կայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը», նշուած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի յայտարարութեան մէջ: