Այս յարձակումը տեղի կ'ունենայ Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւմամբ․ Մնացականեանը՝ Փոմփէոյին

2020-10-24
Image

23 Հոկտեմբերին աշխատանքային այցով Միացեալ Նահանգներ գտնուող ՀՀ ԱԳ նախարարը Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպած է ԱՄՆ Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյին:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Քննարկման առանցքն էր Արցախի մէջ ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումներու իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակը: Նախարար Մնացականեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին տեղեկացուց Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ մարտական գործողութիւններու  ընթացքին իրականացուող պատերազմական յանցագործութիւններու  մասին, որոնք կը դրսեւորուին Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորումով, քաղաքացիական բնակչութեան եւ ռազմագերիներու նկատմամբ նուաստացուցիչ վերաբերմունքով, գլխատումներով եւ սպանութեամբ: 

Նախարար Փոմփէոն ամերիկեան կողմին ցաւակցութիւնը յայտնած է զոհերուն համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ ազրպէյճանական կողմի այս յարձակումը տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւումով, որ կ՛արտայայտուի անմիջական զինուորական արհեստագիտական աջակցութեամբ` վերջինիս կողմէ տարածաշրջան զինեալ ահաբեկիչներու ներմուծումով: Նախարար Մնացականեանի համաձայն, Ազրպէյճանի` Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտի եւ միջազգային ահաբեկչութեան դառնալու որոշումը լուրջ սպառնալիք է շրջանային անվտանգութեան համար:

Նախարար Մնացականեան նշեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւններու խախտումը եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ ռազմական գործողութիւններու շարունակութիւնը անգամ մը եւս կը փաստեն տագնապին ռազմական ճամբով լուծելու Ազրպէյճանի նպատակը:

Երկուստեք վերահաստատուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կրակի անյապաղ դադրեցման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ գործընթացը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: