Անյապաղ զբաղիլ Լաչինի միջանցքի հարցով. բրիտանացի գործիչներ միջազգային առաջնորդներուն յիշեցուցած են ցեղասպանութիւնը կանխելու պատասխանատւութեան մասին

2023-01-04
Image

Միջազգային հանրութիւնը ցաւալիօրէն չէ յաջողած դադրեցնել Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող ահաբեկչական պատերազմը, որ 21-րդ դարուն սանձազերծուած է հայկական պատմական հող հանդիսացող Լեռնային Ղարաբաղի մէջ (որ Ստալինի կողմէ յանձնուած էր Ատրպէյճանին) ապրող հայերու դէմ եւ կ'իրականացուի միջնադարեան ոճով պաշարման միջոցով:

Նման յայտարարութիւն տարածած են Միացեալ թագաւորութեան խորհրդարանի Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը, Լիվըրփուլի լորտ Ալթընը, Քենթըրպըրիի նախկին արքեպիսկոպոս լորտ Ռոուըն Ուիլիյըմզը, Քոուընթրիի եպիսկոպոս Քրիսթոֆըր Քոքսուորթը, «Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահ, դոկտոր Ճոն Էյպնըրը եւ պատգամաւոր Թիմ Լաութընը:

Նամակի հեղինակները նշած են, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու սուր պակաս առաջացած է, եւ արդէն մահուան դէպքեր տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ բուժօգնութենէն օգտուելու հնարաւորութենէն զրկուած ըլլալու պատճառով:

«Համաձայն միջազգային իրաւունքի՝ կայ պատասխանատւութիւն կանխատեսելու եւ կանխելու ցեղասպանութիւնը, պաշտպանելու տուժածները եւ պատժելու նախայարձակը: Հակառակ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու կողմէ դատապարտման, Ատրպէյճանի այս բռնութիւններու մասին լրատուամիջոցներու փաստացի լռութիւնը կը շարունակուի, որ Ատրպէյճանին հնարաւորութիւն կու տայ անպատիժ կերպով զարգացնելու իր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը», - նշուած է նամակին մէջ:

Նամակի հեղինակները միջազգային առաջնորդներուն կոչ կ'ընեն «անյապաղ կերպով զբաղելու այս սարսափելի ողբերգութեամբ»:

«Յոյսով ենք, որ խիզախ եւ վաստակաշատ լրագրողները լոյս կը սփռեն տառապանքներուն վրայ՝ ժողովրդի մը , որ, ցաւօք, շատ լաւ գիտէ ցեղասպանական յանցագործութիւններու բնոյթը», - գրուած է նամակին մէջ: