Ատրպէյճանն արհեստականօրէն կը ձգձգէ հայ ռազմագերիներու եւ գերիներու վերադարձի գործընթացը․ ՄԻՊ

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը ներկայացուցած է մոնիթորինկի (վերահսկողութեան» արդիւնքները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմաններու որոշման գործընթացին ու անոր ազդեցութեան մարդու իրաւունքներու վրայ:
Թաթոյեանը տեղեկացուցած է, որ իրենց ուսումնասիրութիւնը կ'առնչուի Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մարզեր իրենց այցելութեան:
Խօսած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ու գերիներու նկատմամբ իրականացուող ատրպէյճանական քաղաքականութեան մասին ու շեշտած, որ Ատրպէյճանն արհեստականօրէն կը ձգձգէ վերադարձի գործընթացը:
Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։