Ատրպէյճանցիներու արձակած կրակոցէն Մարտակերտի մէջ քաղաքացի մը զոհուած է

2021-10-09
Image

Արցախի մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու դիպուկահարի կրակոցէն քաղաքային մը զոհուած է: Այս մասին յայտնեց  Արցախի Հանրապետութեան Ներքին Գործոց նախարարութեան Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութեան մամլոյ խօսնակ Յունան Թադեւոսեան:

«Նախնական տեղեկութիւններով այսօր` 9 Հոկտեմբերին, 13:15-ին Մարտակերտի շրջանային ոստիկանութեան բաժնէն յայտնած են, որ Մարտակերտ քաղաքին յարակից նռան այգիին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դիպուկահարի կրակոցէն մահացու վիրաւորում ստացած է Մարտակերտ քաղաքի 1966-ի ծնունդ Արամ Տեփնանցը», ըսաւ ան:

Դէպքի վայրին մէջ այս պահուն կ'աշխատին քննիչները: Տեղեկատուութիւնը փոխանցուած է ռուս խաղաղաղապահներուն: