Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մեկնի Թուրքիա

Փետրուար 15-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան կը մեկնի Թուրքիա:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Վահան Յունանեանը։
Նախարար Միրզոյեանը երկրաշարժէն տուժած Ատըեաման քաղաքին մէջ պիտի հանդիպի որոնողափրկարարական աշխատանքներ իրականացնող ՀՀ փրկարարական խումբին:
Այցի ընթացքին Անգարայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հանդիպումը:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, 15 փետրուարին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի Թուրքիա կատարելիք այցին վերաբերեալ:
«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Քահրամանմարաշ կեդրոնական գօտիով երկրաշարժէն ետք մեր երկրին համերաշխութիւն յայտնելու եւ ցաւակցութիւններ յղելու նպատակով 15 փետրուարին պիտի այցելէ Թուրքիա:
Անգարայի մէջ մեր արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումէն ետք նախարար Միրզոյեան պիտի այցելէ Ատըեաման, ուր կ'ընթանան նաեւ հայկական որոնողափրկարարական ջոկատի աշխատանքները», ըսուած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ։