Արցախը հոսանքազրկուած է

2021-02-26
Image

Արցախի ամբողջ տարածքը 25 փետրուարին, հոսանքազրկուած է։ Այս մասին ըսած է Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Վահրամ Պօղոսեանն ըսած է, որ ելեկտրականութիւնն անջատուած է  ժամը 16։00-էն 17։00-ի սահմաններուն մէջ եւ մինչեւ հիմա անջատուած է։

««Արցախէներկօ» ՓԲԸ-ն տեղեկացրել է, որ Արցախը սնուցող կայանում վթար է տեղի ունեցել եւ վթարավերականգնողական աշխատանքներ են կատարւում»,- նշած է Պօղոսեանը։

«Արցախէներքօ» ՓԲԸ-էն ժամկէտներ չեն նշած, թէ երբ կը վերականգնուի ելեկտրականութիւնը։ Մետաքսէ Յակոբեանի խօսքով` ամենայն հաւանականութեամբ,  գիշերը եւս հոսանքը անջատուած կ'ըլլայ։ Ըստ անոր՝ Արցախի մէջ ցուրտ է, մօտ -7-էնն -10 °C։