Արցախի հարցը մարդու իրաւունքներու խնդիր Է. Նախագահ Սարգսեան` Հռոմի Պապին

2021-10-14
Image

Մեկնարկած է Հայաստանի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի պաշտօնական այցը Սուրբ Աթոռ: Ֆրանչիսկոս Պապի հետ առանձնազրոյցը եղած է նախագահի առաջին հանդիպումը:

Ըստ նախագահի աշխատակազմին` Արմէն Սարգսեան, անդրադառնալով արցախեան հարցին, նշած է, որ ան մարդու իրաւունքներու խնդիր է, «հայ ժողովրդի՝ իր հինաւուրց քրիստոնէական բնօրրանում ապրելու, արարելու ու իր ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը իրացնելու պահանջ»։

Նախագահը նաեւ երախտագիտութեամբ նշած է, որ Հայաստանի համար ծանր ու դժուարին մարտահրաւէրներու այս փուլին Վատիկանը համերաշխութեան ձեռք մեկնած է: Որպէս անոր վկայութեան օրինակներ Արմէն Սարգսեան բերած է պատերազմի օրերուն ու անկէ յետոյ Հռոմի պապի հնչեցուցած խաղաղութեան ուղերձները, ինչպէս նաեւ հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու կոչը:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ ծառայութիւնը եւս հանդիպման մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ` նշելով, որ անոնք կեդրոնացած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքականութեան շարք մը հարցերու վրայ:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 5-ին Հայաստանի նախագահը պետական այցով մեկնած էր Իտալիա, հանդիպումներ ունեցած երկրի նախագահ՝ Սերճիօ Մաթարելլայի, վարչապետ՝ Մարիօ Տրակիի, խորհրդարանի երկու պալատներու ղեկավաներու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, նաեւ Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ մասնակցած «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութեան:

Անցնող շաբաթ Հռոմ այցելած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին երկրորդը, Վեհափառը հանդիպած է Պապի հետ: