Աւելի քան 65 քոնկրէսական կոչ ըրած է Ներկայացուցիչներու պալատին 100 մլն տոլար օգնութիւն յատկացնելու Հայաստանին եւ Արցախին

2021-04-28
Image

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի 65 անդամէ կազմուած երկկուսակցական խումբը միացած է հայկական հարցերով յանձնաժողովին` կոչ ընելով 100 մլն տոլար նիւթական օգնութիւն յատկացնելու Հայաստանին եւ Արցախին՝ անցեալ տարուան թուրք-ատրպէյճանական աւերիչ յարձակումներէն ետք: 

Ամերիկացի քոնկրեսականները նամակ յղած են Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Պարպըրա Լիին եւ աւագ անդամ Հել Ռոճըրսին, քանի որ կը սկսի 2022 ֆինանսական տարուայ արտաքին յատկացումներու նախագիծի մշակումը:

Նամակին մէջ քոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոնը, Ճեքի Սփիրը եւ Ատըմ Շիֆը նշած են. «Հայաստանի եւ Արցախի համար 2022 ֆինանսական տարուան մէջ յատկացուելիք օգնութիւնը խիստ կարեւոր է ժողովուրդի համար առաւել անվտանգ ապագայ ապահովելու, ժողորդավարութիւնն առաջ տանելու, կայուն տնտեսական զարգացում ապահովելու եւ «Քովիտ-19»-ի դէմ պայքարելու հարցերով երկրին աջակցելու համար»:

Նամակին մէջ քոնկրէսակնները կոչ կ'ընեն 100 մլն տոլարի շրջագիծէն ներս 2 մլն տոլար յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զէնքի ոչնչացման ծրագրին:

Բացի այդ, կոչ եղած է կասեցնելու անվտանգութեան ոլորտի մէջ ԱՄՆ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, քանի դեռ երկիրը չէ վստահեցուցած, որ պիտի դադրեցնէ յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: