Բացնա՛լ Լաչինի միջանցքը. ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի կոչը

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի հարցը լուծել երկխօսութեան միջոցով՝ յարգելով մարդու իրաւունքները, ըսուած է Twitter-ի էջին կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
«Լաչինի միջանցք (Հայաստան/տրպէյճան). կոչ կ'ընենք կողմերուն չլուծուած խնդիրները լուծել երկխօսութեան միջոցով, շտապ ապահովել ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժ, պաշտպանել մարդու իրաւունքները եւ խուսափիլ խաղաղ բնակչութեան վրայ մարդասիրական բացասական ազդեցութիւններէն», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: