Գանատայի խորհրդարանի յանձնաժողովէն ներս պիտի քննարկուի Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը

Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը այս շաբաթ լսումներ պիտի կայացնէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերաբերեալ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Գանատայի համայնքներու պալատի անդամ Կարնէթ Ճինըսը:
«Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի պահպանողական անդամները կ'աշխատին այլ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու հետ՝ շտապ լսումներ հրաւիրելու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Լաչինի միջանցքի շրջափակման վերաբերեալ», - գրած է պատգամաւորը Twitter-ի իր էջին:
Կարնէթ Ճինըս իր գրառման կցած է մէկ այլ պատգամաւորի՝ Սթեֆան Պերժերոնի գրառումը, ըստ որու՝ «Քեպէքի դաշինք» կուսակցութեան անդամներու նախաձեռնութեամբ եւ պահպանողականներու ու նոր դեմոկրատներու աջակցութեամբ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս արտահերթ նիստ-քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքի արգելափակման վերաբերեալ»: