Գերիներու խնդրով Փաշինեան իր առաջարկը յանձնարարած է Պաքուին փոխանցել

2021-06-09
Image

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, 9 Յունիսին, Շիրակի մարզի Մեծ Մանթաշ համայնքին մէջ իր համակիրներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է` համապատասխան մարմիններուն յանձնարարած է, որ Ատրպէյճանին պաշտօնապէս փոխանցեն իր որդիին` Աշոտ Փաշինեանին, բոլոր գերիներու դիմաց փոխանակելու առաջարկը։

«Իմ որդին պատրաստ է պատանդի կարգավիճակով գնալ Պաքու, մեր բոլոր գերիների վերադարձի պայմանով։ Բայց ես ուզում եմ, որ յանկարծ չմտածէք, թէ սա միակ գործիքն է կամ յուսահատ քայլ է մեր գերիների խնդիրը լուծելու համար, այս ընթացքում շատ ինտենսիւ աշխատանք է տարուում»,–ըսած է ան։

Փաշինեանի խօսքով` այդ աշխատանքի մասին, սակայն, պէտք չէ բարձրաձայնել, որ չխանգարէ գերիներու վերադարձման գործընթացին։

Նշենք, որ 8 Մայիսին, Ապարանի մէջ քարոզարշաւի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն խօսքին, թէ Փաշինեանը պէտք է իր որդին տայ 20-25 ռազմագեր վերադարձնելու համար, ըսած է, որ ինք ամաձայն է, եւ  լիազօրած է պաշտօնապէս բանակցիլ այդ թեմայով։

«Յանկարծ չմտածէք, թէ էմոցիոնալ բան եմ ասում, ասում եմ պաշտօնապէս, գնացէք, բանակցէք»,-ըսած է Փաշինեանը: