ԵԽԽՎ համազեկուցողները փաստահաւաք այցով պիտի ժամանեն Հայաստան

2023-02-16
Image

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի պարտաւորութիւններու կատարման վերահսկողութեան համար պատասխանատու համազեկուցողներ Քիմմօ Քիլիւնէն՝ Ֆինլանտայէն, եւ Պորիանա Օպերկը՝ Շուէտէն, պիտի ժամանեն Հայաստան։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի կայքը։

Նշուած է, որ անոնք փաստահաւաք այցով պիտի ըլլան Հայաստան՝ փետրուար 17-20-ը։

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի կայքը նաեւ յայտնած է, որ Քիլիւնէնն ու Օպերկը պիտի հանդիպին ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։