Ես Արցախի կողքին եմ. քոնկրէսական Ատամ Շիֆը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ըրած է ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը

2020-10-24
Image

Քոնկրէսական Ատամ Շիֆն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կոչ ըրած է ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: 

«Արդէն մօտ մէկ ամիս է, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան պատերազմ սանձազերծած են Արցախի դէմ՝ ռմբակոծելով քաղաքացիները, եկեղեցիները եւ իրականացնելով պատերազմական յանցագործութիւններ: Տասնեակ քաղաքացիներ զոհուած են: Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան կէսէն աւելին տեղահանուած է: Ես ԱՄՆ-ին պաշտօնապէս կոչ կ'ընեմ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը»,- դիմատետրի իր էջին գրած է քոնկրէսականը:

Շիֆը նշած է, որ կարելի չէ թոյլ տալ, որ պատմութիւնը կրկնուի:

«Եթէ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան որոշած են պատերազմ մղել, ԱՄՆ-ը, Մինսքի խումբը եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակօրէ յայտարարեն, որ անոնք իրենց նպատակներուն պիտի չհասնին: Ալիեւին ու Էրտտղանին պէտք է հասկցնել, որ եթէ շարունակեն այս պատերազմը, ապա պիտի ըլլան հետեւանքներ: ԱՄՆ-ը չի կրնար անտարբեր ըլլալ այս ամէնուն հանդէպ:

Ես Հայաստանի կողքին եմ, ես Արցախի կողքին եմ»,- գրած է Ատամ Շիֆը: