Երկու ուղղութիւններով յառաջ երթալու համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, իսկ հետագայ գնահատականը կախուած է արձանագրուելիք արդիւնքներէն. Փաշինեան գնահատականը պրիւքսէլեան հանդիպման

Հայկական կողմին համար սկզբունքային նշանակութիւն ունին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխիքները, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ԼՂ վերջնական կարգավիճակին ճշգրտումը. այս հարցերը ընդգրկուած են խաղաղութեան օրակարգին վերաբերեալ հայկական կողմի պատասխաններուն մէջ եւ պէտք է դառնան բանակցութիւններուն առարկայ:
Այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան նիստի իր ելոյթին մէջ` անդրադառնալով Ապրիլ 6-ին Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ Պրիւքսէլի մէջ իր եւ Ատրպէյճանի նախագահին հանդիպման ընթացքին:
«Հանդիպման արդիւնքներում երկու հարցի վերաբերեալ կայացուել է որոշում: Առաջինը` երկու երկրների արտաքին գործերի նախարարներին յանձնարարուել է սկսել ապագայ խաղաղութեան պայմանգրի նախապատրաստական աշխատանքները եւ այս ուղղութեամբ ձեռնարկել բանակցութիւններ եւ շփումներ: Սա նշանակում է, որ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացրած սկզբունքները եւ հարցերը պէտք է ի մի բերուեն եւ բանակցութիւնների արդիւնքներով հասցէագրեն», ըսաւ Փաշինեան:
Փաշինեան յիշեցուց, որ, ի պատասխան Ատրպէյճանի առաջարկներուն, հայկական կողմը ընդգծած է, որ անոնց մէջ հայկական կողմին համար անընդունելի ոչինչ կայ: «Սակայն դրանք չեն ամբողջացնում խաղաղութեան օրակարգի հարցերը: Եւ մեզ համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեն ԼՂ ժողովրդի անվտանգութեան երաշխիքները, նրանց իրաւունքների եւ ազատութիւնների պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ԼՂ վերջնական կարգավիճակի ճշգրտումը: Այս հարցերը ընդգրկուած են խաղաղութեան օրակարգի վերաբերեալ մեր պատասխաններում եւ պէտք է դառնան բանակցութիւնների առարկայ», ըսաւ վարչապետը
Ան ընդգծեց, որ հայկական կողմը, ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա, այս գործընթացին մէջ էական կը համարէ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան ներգրաւուածութիւնը, եւ պէտք է շարունակել աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:
«Պրիւքսէլում յաջորդ որոշումը, որը կայացուեց, մինչեւ Ապրիլի վերջ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանների սահմանագծման հարցերով երկկողմ յանձնաժողով ստեղծելու մասին էր: Այդ յանձնաժողովը կ’ունենայ կրկնակի մանտաթ` առաջինը բուն սահմանագծման աշխատանքներն են, երկրորդը` սահմանի երկայնքով անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովումը: Այս թեմայով քննարկումները, այդ թւում Ռուսաստանի Դաշնութեան միջնորդութեամբ, տեղի են ունենում շուրջ մէկ տարի: Եւ ի վերջոյ այդպիսի փոխհամաձայնութեան որոշման յանգեցինք: Գիտէք, որ ՀՀ տարածքներ կան, որոնք գտնւում են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքոյ, կան Ատրպէյճանի տարածքներ, որոնք Հայաստանի վերահսկողութեան ներքոյ են: Այս հարցերը պէտք է լուծուեն բանակցութիւնների արդիւնքներով, բնականաբար տէ իւրէ հիմնաւորուած արձանագրումների, իրաւական նշանակութիւն ունեցող փաստերի հիման վրայ», ըսաւ Փաշինեանը:
Ան յաւելեց, որ սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւն յայտնած է Ռուսաստանը, Եւրոմիութիւնը նոյնպէս աջակցելու պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ, եւ այս ուղղութեամբ պէտք է յառաջ շարժիլ: «Մեր դիրքորոշումն այն է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տէ իւրէ սահման գոյութիւն ունի, եւ դա խորհրդային ժամանակներում գոյութիւն ունեցող սահմանագիծն է: Այս արձանագրմամբ սահմանագծման աշխատանքները պէտք է սկսել եւ փորձել լուծումների հասնել` զուգահեռ միջոցներ ձեռնարկելով անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ», ըսաւ վարչապետը:
Ընդհանուր գնահատական տալով պրիւքսէլեան հանդիպման` վարչապետը արձանագրեց, որ երկու ուղղութիւններով յառաջ երթալու համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, իսկ հետագայ գնահատականը կախուած է համաձայնութիւններու գործնական կիրառման փուլին արձանագրուելիք արդիւնքներէն: Փաշինեանը յաւելեց, որ հետեւողականօրէն պիտի շարունակեն յառաջ տանիլ երկրին եւ տարածաշրջանին համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բանալու օրակարգը: «Եւ պէտք է առաւելագոյնը ընենք, որ այս օրակարգը դառնայ իրականութիւն: Կրկնում եմ` ցաւօք, դա միայն մեզնից չէ կախուած: Բայց մենք աշխատանքի մեր մասը պէտք է հետեւողականօրէն իրագործենք», եզրափակեց վարչապետը: