Երևանն ու Պաքուն պիտի որոշեն ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը. Լաւրով

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՌԻԱ «Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ, ի թիւս այլնի, անդրադարձած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն:
Պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ արդեօք Ռուսիան յոյս ունի՞, որ Երեւանն ու Պաքուն յառաջիկայ ամիսներուն խաղաղութեան պայմանագիր կը ստորագրեն եւ արդեօ՞ք անոր մէջ նշուած կ'ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը, Լաւրովն ըսած է. «Աւելի տրամաբանական է այս հարցն ուղղել բանակցող կողմերուն, այսինքն՝ Պաքուին ու Երեւանին։ Անոնք են որ կը սահմանեն շփումներու աշխուժութիւնը, կ'որոշեն ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը։
Ռուսիան, որ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի հետ, այս գործընթացին հնարաւոր աջակցութիւն կը ցուցաբերյ այն տեսքով եւ ծաւալով, որով հետաքրքրուած են մեր ատրպէյճանցի եւ հայ ընկերները»։