Եւս մէկ յաղթանակ «Բանաձեւային պատերազմին մէջ». Արցախի ականազերծման ծրագիրը հաստատուեցաւ

2020-07-24
Image

ԱՄՆ Քոնկրէսը վաւերացուց Արցախի ականազերծման ծրագիրը: Այս  մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է Ամերիկագէտ Սուրէն Սարգսեանը:

Սարգսեան  մասնաւորապէս գրած է.

«Եւս մէկ յաղթանակ «Բանաձեւային պատերազմին մէջ»: Արցախի ականազերծման ծրագիրը հաստատուեցաւ:

Հայկական կազմակերպութիւնները յաջողած են Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Պալատին մէջ հաստատել Արցախի ականազերծման ծրագիրը: Այս ծրագրի դէմ աննախադէպ աշխոյժ աշխատած է Ատրպէյճանը` բոլոր ուղղութիւններով: Սենատի մէջ հաստատուելէ ետք այն պիտի երթայ նախագահի ստորագրման: Այս պահին ծրագիրը պահպանելու հաւանականութիւնը մեծ է:

Սա բացառիկ յաղթանակ է մեզի համար, քանի որ ԱՄՆ անվտանգութեան խորհուրդը լուրջ կ'աշխատէր ատրպէյճանցիներու հետ` ծրագիրը դադրեցնելու համար:

Սենատի մէջ ալ դեռ աշխատանք կայ ընելու, որ վստահ եմ հայկական երկու կազմակերպութիւնները յաջողությամբ կ'ընեն»:

Նախագիծը կը նախատեսէ 1,4 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրել Արցախին՝ շարունակելու HALO Trust-ի՝ կեանքեր փրկող ականազերծման աշխատանքները: Արցախին օգնութեան վերաբերեալ փոփոխութիւնը ընդունուած է իբրեւ փոփոխութիւններու աւելի մեծ խումբի մաս:

2021-ի արատասահմանեան օգնութեան օրինագիծի ոչ մէկ փոփոխութիւն այնքան աջակից չէ ունեցած, որքան Արցախին օգնութեան տրամադրման հարցը:

HALO Trust-ը Արցախի մէջ մարդասիրական ականազերծումով կը զբաղի 2001-էն ի վեր: