ՌԱԿ Աւստրալիոյ Ղեկավար Շրջանակի Հանդիպումը Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանի Հետ

2024-02-28
Image

Պաշտօնական գործուղղումով Աւստրալիա գտնուած ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատար Պարոն Զարեհ Սինանեան յատուկ հանդիպում մը ունեցած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Աւստրալիոյ ղեկավար շրջանակին հետ։

Հանդիպումը տեղի ունեցած է Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024-ին, Սիտնիի Նորթց Քամըրէյ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան, ՌԱԿ Սիտնիի Արտակ Դարբինեան Ակումբի եւ տեղւոյն Թէքէեան Մշակութային Միութեան մասնաճիւղի վարչութեան պատասխանատու ընկեր-ընկերուհիներու։

ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ ընկեր Հայկ Լեփեճեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկայացուցած է հանդիպման մասնակիցները եւ ապա Պարոն Սինանաեան ներկայացուցած է իր գրասենեակի անմիջական եւ հեռակայ ծրագիրները, Հայաստան-Սփյուռք համագործակցութեան ընթացքը եւ անոր ռազմավարական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ հայրենիքի ներկայ վիճակը: Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատարը կաեւորած է նաեւ ՌԱԿ-ի աշխատանքը սփիւռքի մէջ եւ գործօն մասնակցութիւնը հայաստանեան կեանքին:

ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները անգամ մը եւս յայտանած են իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը մայր հայրենիքին, ինչպէս նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը աջակցոելու Սփիւռքի Յանձնակատարի բոլոր ծրագիրներու իրականացման եւ յաջողութեան։

 

Նկարին մէջ
Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ ընկեր Յարութիւն Տէյրմենճեան, ընկեր Հայկ Լէփեճեան, Պարոն Զարեհ
Սինանեան, ընկեր Վահէ Արթինեան, ընկեր Տոքթ.Յարութիւն Ճեպեճեան, ընկեր Յովհանես Գույումճեան։ Երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ ընկերուհի Մարօ Եափուճեան, ընկերոււհի Լուսի Թոփուզեան, ընկերուհի Վարդուհի Լէփեճեան, ընկեր Յակոբ Թոփուզեան, ընկեր Արեգ Եափուճեան։