Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

2023-12-19
Image

Երկուշաբթի 18 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Վահագն Աթաբէկեանի կողմէ: Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ հիւպատոս Տիար Լէոնարտ Պետրոսեան Պատուիրակութիւնը պատուարժան դեսպանին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի շրջանակի ողջոյնները:

Քննարկուեցան Լիբանանի հայ համայնքը յուզող հիմնական հարցերը՝ տնտեսական տագնապը եւ շրջանի անկայունութիւնը: Հայաստանի հանրապետութեան աշխարհաքաղաքական վիճակը Արցախի բնակչութեան տեղահանութենէն ետք քննարկուեցաւ նաեւ: Պատուիրակութիւնը յոյս յայտնեց որ Հայրենիքը կը դիմագրաւէ ներկայի դժուարութիւնները: Ան գնահատեց այն յարաբերութեան մակարդակը որ գոյութիւն ունի Կուսակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան միջեւ:

Ժողովի աւարտին շեշտուեցաւ Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութեան կարեւորութիւնը տարբեր մարզերու մէջ: Սփիւռքի աշխատանքին հիմնական նպատակը Հայաստանի զարգացումն է ու դիմագրաւումը բոլոր մարտահրաւէրներուն: Պէտք է աշխատինք կազմակերպելու համար Սփիւռքը որպէս յենարան ապագայի ծաղկուն Հայաստանի: