ՀՀ Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարար Նարեկ Մկրտչեանի Հանդիպումը ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան եւ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին հետ

2024-03-27
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարար Նարեկ Մկրտչեանի Հանդիպումը ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան եւ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին հետ

Երեքշաբթի, Մարտ 19-ին, Ալթատինայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանին հետ, որ ծաւալուն զեկոյցով հանդէս եկաւ Հայաստանի ընդհանուր ներկայ կացութեան մասին։

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Թամար Փոլատեան Փերոն բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Ապա, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան ներկայացուց հիւր նախարար Մկրտչեանը։

Տարբեր նիւթերու անդրադառնալէ աոաջ նախարար Մկրտչեան նշեց թէ իբր “Քաղաքացիական Պայմանագիր” կուսակցութեան սփիւռքի հայակական կուսակցութիւններու հետ կապերու պատասխանատուն, ուրախ էր յայտնելու թէ շարունակական անմիջական շփումներու համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ, յատկապէս համագործակցելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման ուղղուած ծրագիրներու շուրջ։ Ապա ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ իր նախարարութեան ձեռնարկած նախաձեռնութիւններուն մասին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Արցախէն տեղահանեալներուն Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու ծրագիրներուն։ Ան ընդգծեց նախարարութեան տրամադրած աջակցութիւնը տնտեսական, առողջապահական եւ հոգեբանական օգնութեան, մանաւանդ աշխատանքի հնարաւորութիւններու ստեղծման նկատմամբ։ 

Նախարար Մկրտչեան քննարկեց նաեւ ենթակառուցուածքներու ընդլայնումը, բանակի հզօրացման խնդիրները եւ կենսաթոշակային ծրագիրները։ Ան լուսաբանութիւններ տուաւ բնակչութեան աճի բարելաւման ուղղուած ժողովրդագրական ռազմավարութիւններուն մասին եւ կարեւորեց «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու կարեւորութիւնը, ցոյց տալով Հայաստանի ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը ամրապնդելու ջանքերը։

Անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի հետ ընթացող սահմանազատման խնդիրներուն վերաբերեալ բանակցութիւններու պայմաններուն, նշելով նաեւ ռազմագերիները ազատելու դիւանագիտական ջանքերը։

ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան եւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին անունով, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նախարար Մկրտչեանին, հայրենիքի վերջին զարգացումներուն գծով։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ աւելի մօտէն պատկերելու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող յառաջընթացքը եւ բարգաւաճումը։

Սեւան Պօղոս-Տէր Պետրոսեան

 

Նկարին մէջ

Ձախէն աջ՝ ընկեր Դաւիթ Սամուէլեան, ընկեր Ռոպէր Տեմիրճեան, ընկեր Հենրի Միսիրեան,  ընկերուհի Թամար Փոլատեան-Փերոն, Նախարար Պարոն Նարեկ Մկրտչեան, ընկերուհի Շուշան Պաղպուտարեան, ընկերուհի Սեւան Տէր Պետրոսեան, ընկեր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, ընկեր Գէորգ Գրիգորեան եւ ընկեր Կարօ Քիւփէլեան