Եւրամիութիւնը լիովին կ'աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին. Թոյվօ Քլաար

Եւրամիութիւնը լիովին կ'աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջով գրառում կատարած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաար:
Անդրադառնալով Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի միջեւ Մարտ 12-ին տեղի ունեցած հանդիպման՝ ան գրած է. «Խոստումնալից է Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի ծիրէն ներս Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը: Եւրամիութիւնը լիովին կ'աջակցի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց կարգաւորման»,- գրած է Քլաար: