Զոհուած եւս 153 հերոս զինծառայողներու ընտանիքներ հատուցում ստացած են

2021-07-21
Image

Հիմնադրամի շահառուներու թիւը փոփոխուած է. 27 Սեպտեմբերին թշնամիի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով զոհուած եւս 153 հերոս զինծառայողներու ընտանիքներ հատուցում ստացած են։ Այս մասին յայտնած է Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը։

Այսպիսով Հիմնադրամի հիմնական շահառուներու քանակը 4177-ն է։ Տուեալ թիւէն 416-ը Հիմնադրամի շահառու դարձած էին նախքան 2020 թուականի պատերազմը: Անվանացանկին կրնաք ծանօթանալ՝ այստեղ:

Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը ստեղծուած է հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ զոհուած, անյայտ կորսուած, զինհաշմանդամութեան 1,2 կարգ ձեռք բերած մարտիկներու ու անոնց ընտանիքներու ընկերային բարօրութեան, կայուն եւ հաւասար ապահովագրական հատուցումներ տրամադրելու նպատակով: Հիմնադրամի միջոցները կը գոյանան Հայաստանի ու Արցախի մէջ եկամուտ ստացող անձանց ամսական պարտադիր վճարներէն, ինչպէս նաեւ կամաւոր նուիրատուութիւններէն, որոնք կը տրամադրուին նաեւ Սփիւռքէն։

Հիմնադրամի ֆոնտը համալրելու նպատակով Երեւանի Մարիոթ հիւրանոցի ճեմասրահին մէջ կը գործուի Արեւագորգ։ Իւրաքանչիւրս կրնանք մեր հանգոյցն ունենալ գորգին մէջ։ Արցախի Ջրաբերդ գաւառի գորգերու շարքին պատկանող խորհրդանշական Արեւագորգը կարելի է գործել նաեւ առցանց: ։