Թեւակոխած ենք խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի քննարկման 4-րդ շրջափուլ. Փաշինեան

2023-03-16
Image

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանէն ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ նոր առաջարկներ: Այսպիսով թեւակոխած ենք պայմանագրի նախագիծի քննարկման 4-րդ շրջափուլ։ Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Մենք կը քննարկենք եւ առաջիկայում կը ներկայացնենք մեր դիտարկումները։ Հաւատարիմ ենք ու չենք շեղուելու խաղաղութեան օրակարգից»,– ընդգծած է վարչապետը։

Միեւնոյն ժամանակ, ան միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ ի հեճուկս 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտի` մինչեւ հիմա Ատրպէյճանը չէ վերադարձուցած հայ գերիները, պատանդները եւ այլ պահուող անձերը։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ բռնագրաւման տակ պահել 1994, 2021, 2022 թթ. յարձակման հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութենէն բռնազաւթած ինքնիշխան տարածքները։