Թուրքիոյ մէջ նման մեծ ողբերգութեան պայմաններուն մէջ ոգեւորիչ է տեսնել Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութիւնը. Քլաար

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունած է Հայաստանի կողմէ երկրաշարժէն վնասուած Թուրքիոյ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը: Այս մասին «Թուիթըրի էջին գրած է ան:
«Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նման մեծ ողբերգութեան պայմաններուն մէջ ոգեւորիչ է տեսնել դրացի Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութիւնն ու անոր հետեւած դրական արձագանգը», գրած է Քլաար:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկած է Թուրքիա: Մարդասիրական օգնութեամբ բեռցուած բեռնատարները փակ սահմանէն անցած են Մարգարայի կամուրջին ճամբով եւ ուղղուած երկրաշարժէն վնասուած շրջան: