Ինչպէս կ՚ընթանայ «Սփութնիք»ի պատուաստումը Հայաստանի մէջ (Տեսանիւթ)

2021-04-22
Image

19 ԱպրիլԷն սկսած են ռուսական Sputnik V դեղամիջոցով պատուաստումները Երեւանի  բժշկական կեդրոններուն (փոլիքլինիքա)  եւ երկրի բոլոր մարզերուն մէջ:

Sputnik V պատուաստանիւթը կը կիրառուի հետեւեալ ռիսքի խումբերու համար.

  • Բուժաշխատողներ՝ 18-54 տարեկան անձինք
  • Քրոնիկ հիւանդներ՝ 18-54 տարեկան անձինք
  • Ընկերային խնամքի կեդրոններու բնակիչներ եւ աշխատակիցներ՝ 18-54 տարեկան անձինք

Իսկ AstraZeneca պատուաստանիւթը կը կիրառուի հետեւեալ ռիսքի խումբերու համար.

  • 65 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձանց
  • Բուժաշխատողներ՝ 55 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձինք
  • Քրոնիկ հիւանդներ՝ 55 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձինք
  • Ընկերային խնամքի կեդրոններու բնակիչներ եւ աշխատակիցներ՝ 55 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձինք

Sputnik V-ով պատուաստման մանրամասներուն կարնաք ծանօթանալ տեսանիւթին մէջ: