Լաչինի միջանցքի վերջին դէպքերը,անկասկած, Հայաստանի համար անկեղծութեան ստուգման փորձ պիտի ըլլան. Չաւուշօղլու

2022-12-29
Image

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի փակման, յայտարարած է, որ այնտեղ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները, անկասկած, Հայաստանի համար անկեղծութեան ստուգման փորձ պիտի ըլլան:

«Եղբայրական Ատրպէյճանի հետ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի ամենաբարձր մակարդակով։ Անգարան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով իր քայլերը սերտօրէն կը համակարգէ Պաքուի հետ։ Լաչինի միջանցքին մէջ վերջին իրադարձութիւնները, անկասկած, Հայաստանի համար անկեղծութեան ստուգման փորձ պիտի ըլլան։ Եղբայրական «Ատրպէյճանի հանքերը թալանելու» փորձերը անընդունելի են»,- ըսած է թուրք նախարարը։