Լաչինի միջանցքի փակումը բացասաբար կ'անդրադառնայ երեխաներու վրայ. ԵՈՒՆԻՍԵՖ

Լեռնային Ղարաբաղի`Լաչինի միջանցքով մուտքի փաստացի փակումը բացասաբար կ'անդրադառնայ երեխաներու իրավիճակին վրայ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամը`ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը:
«Որքան երկար տեւէ այս իրավիճակը, այդքան աւելի շատ պիտի տուժեն երեխաները հիմնական սննդամթերքի եւ տարրական ծառայութիւններու պակասէն, որոնք անհրաժեշտ են իրենց գոյատեւման, առողջ աճի եւ բարեկեցութեան համար: Շատ երեխաներ զրկուած են նաեւ ծնողական խնամքէն, քանի որ բաժնուած են իրենց ծնողներէն կամ օրինական խնամակալներէն:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը վերահաստատէ նախորդ պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին կոչը: Սա չափազանց կարեւոր է ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երեխաները ըլլան պաշտպանուած, եւ որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարենան ապահով եւ արագ հասնիլ կարիքի մէջ գտնուողներուն: ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը շարունակէ երկխօսութեան եզրեր փնտռել եւ համագործակցիլ բոլոր դերակատարներուն հետ, որպէսզի հնարաւորութիւն ստանայ մուտք գործելու՝ աջակցելու այդ տարածքին մէջ բնակող երեխաներուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ
Ատրպէյճան 12 դեկտեմբերէն մինչ այս պահը կը շարունակէ փակ պահել Արցախը աշխարհին կապող միակ մայրուղին՝ Լաչինի միջանցքը՝ բերելով կեղծ բնապահպանական պատճառաբանութիւններ։